*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանանի Համայնավար Կուսակցութեան տօնակատարութեան մը նկարներուն մէջ, երէկ հանդիպեցայ վերի նկարին: Կրօնական հաւատքի յատուկ հագուստ հագած երիտասարդուհի մը, բարձրացուցած է Լիբանանի Համայնավար Կուսակցութեան մուրճ մանգաղով դրօշը…:
Յարանուանական հիմունքով առաջնորդուող բայց աշխարհիկութեամբ իբր թէ ապրող Լիբանանի մէջ, այս վիճակը նմանցուցի վոտքան զամզամի օրհնուած ջուրով թեթեւցնելու կամ անոր հետ խոզի հալալ միս ուտելու…:
Ուացաբի (whatsapp) մակերեսային սերունդի յատուկ երեւոյթ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ այդ սերունդին պատկանողներէն շատերը երկուքն ալ, թէ՛ կրօնքը եւ թէ՛ տուեալ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը չեն հասկցած… կամ սխալ հասկցած են…:
Առարկայական ըլլալու համար այն ալ ըսեմ, որ Սրբ. Ռիթայի կամ Մար Շարպէլի ուխտի զգեստ հագած աղջիկներ ալ լաւ գիտեմ, տղաք ալ… չըսելու համար աւելին…:
Այս երեւոյթը եթէ անգիտութեամբ կարելի է կերպով մը բացատրել, հապա ի՞նչ ըսել կիսաբաց կուրծքերով եկեղեցի յաճախող իգական սեռի ներկայացուցիչներուն եւ առտուները գործի չգացած եկեղեցին մոմ վարող վաշխառու սարաֆներու մասին…:
Հասկցողին շատ բարեւ: