Աւարտեցաւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցը Ղրղզստանի Հանրապետութիւն:
Սեպտեմբերի 17-ի առաւօտեան ՀՀ Նախագահը Ղրղզստանի Նախագահ Ալմազբեկ Աթամբաեւի եւ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին մասնակցած ՌԴ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Մոլտովայի վարչապետ Պաւէլ Ֆիլիպի հետ այցելած է Արաշան համայնքի մէջ գտնուող Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակիցներու եւ զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր՝ ծաղկեպսակ դրած եւ յարգանքի տուրք մատուցած է:
Պատուիրակութիւններու ղեկավարները յարգանքի տուրք մատուցած են նաեւ Ղրղզստանի 1916թ. ողբերգական իրադարձութիւններու ընթացքին զոհուածներու յիշատակին: Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, անոնք այնուհետեւ այցելած են «Գազպրոմը երեխաներին» ծրագրի շրջանակներու մէջ կառուցուած սփորթային համալիր, ծանօթացած են ստեղծուած պայմաններուն: