Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Սկսած են Քաղաքապետարաններու Շէնքերէն Հեռացնելու Հայերէնով Գրութիւնները

Թուրքիոյ մէջ քրտաբնակ քաղաքներու քաղաքապետարաններուն մէջ պետութեան նշանակած հարկադիր կատարողներու առաջին գործը եղած է հայերէնով գրութիւնները հանելը, կը գրէ News.am-ը:

Թրքական CNNturk–ի փոխանցմամբ` Մարտինի Տերիկի քաղաքապետարանին մէջ պետութեան կողմէ նշանակուած հարկադիր կատարողները, որոնց գործառոյթը քաղաքապետի փոխարէն կառավարել քաղաքը, քաղաքապետարանի մուտքէն հանած են հայերէնով գրուած Տերիկի քաղաքապետարան գրութիւնը:

Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները քիւրտ քաղաքապետները կը մեղադրեն քիւրտ զինեալներուն օգնելու մէջ եւ զանոնք հեռացուցած են իրենց պարտականութիւններէն: Քիւրտ քաղաքապետներու փոխարէն պետութիւնը հարկադիր կատարողներ նշանակած է իբրեւ քաղաքներու ժամանակաւոր կառավարիչներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին