Հոկտեմբեր 1-էն 14, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի նախաձեռնութեամբ, 28 հայ եւ օտար բժիշկներ պիտի ժամանեն Հայաստան (Երեւան եւ Գիւմրի) եւ Արցախ` բժշկական եւ վիրահատական օգնութիւն ցուցաբերելու հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ վիրահատական վերականգնողական միջամտութիւններ ձեռնարկելու Ապրիլեան պատերազմէն առաջ եւ ետք վիրաւորուած զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Այս մասին կ’ըսուի Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ֆրեզնոյի ազգային, մշակութային եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատ նուիրատուներու շնորհիւ, Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութիւնը իր հետ պիտի բերէ մեծ քանակութեամբ դեղորայք, բժկական պիտոյքներ եւ բարձրորակ սարքաւորումներ (ակնայատակի ախտորոշիչ նկարահանող սարքեր, լապարոսքոպիկ վիրահատութիւններու ամբողջական համալիր, էկոգարտիոգրամաներ, ելեկտրոգարտիոգրամաներ, վիրահատական զանազան գործիքներ, օֆտալմոսկոպներ, օտոսկոպներ, պուլսոքսիմիտրներ եւ այլն):
Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութիւնը իր ուսերուն վրայ կը կրէ անցեալ տարուայ ընթացքին վաստակած մեծ փորձառութիւնը` 505 բժշկական զննում, 16 վիրահատութիւն, 90 ատամնաբուժական ծառայութիւն, 26 մանկաբուժական ծառայութիւն, 87 ընդհանուր բժշկական զննում եւ 302 այլ բաժանմունքային ծառայութիւն Հայաստանի 6 մարզերու եւ Երեւանի մէջ:
Բոլոր ծառայութիւնները` ներառեալ վիրահատական, բացարձակ անվճար են: Աւելին` իւրաքանչիւր հիւանդ կը ստանայ առնուազն մէկ ամսուայ դեղորայք անմիջապէս բուժումէն ետք:
Բուժում ստանալու համար ոչ մէկ թղթաբանութիւն կամ մրցութային հանգրուան չկայ: Ընդամէնը կը կապուիք Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսարանի հետ, կը նշանակէք օր, ժամ եւ վայր, եւ կը ներկայանաք:
էլ. Փոստ fresno@armeniaconsuatela.org
Հեռախօս- 559 374 6461
Ֆեյսպուքի մէջ պաշտօնական էջ-https://www.facebook.com/TheHonoraryConsulateofArmeniainFresno/
Ստորեւ կը ներկայացնենք բժկական մասնագիտութիւններուն ցանկը`
Ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտներ (ինտերնիստ)
Ատամնաբոյժներ
Մանկաբոյժ
Նէոնատոլոգ (նորածնաբանութիւն)
Վիրաբոյժ
Նեարդաբան
Դիմածնօտային վիրաբոյժներ
Գաստրոէնտերոլոգ/Հեպատիտ C
Մանկաբարձ-գինեկոլոգներ
Ակնաբոյժ
Բոլոր բժիշկները Քալիֆորնիոյ մէջ յայտնի եւ մշտապէս պահանջուած մասնագէտներ են: