Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

Յորդանանի Թագաւորին Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Ծայրայեղականութեան Աճը Լուրջ Վտանգներու Դիմաց Է Դրած Կրօններու Համակեցութիւնը» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն հետ միասին, Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ, Ալ Հիւսէյնիյա թագաւորական պալատին մէջ: Կարճ հանդիպումէն ետք ներկաները ճաշի հիւրը եղան Յորդանանի թագաւորին: Ճաշկերոյթին սկիզբը խօսք առնելով` Ապտալլա Թագաւորը ողջունեց համաժողովին գումարումը Ամմանի մէջ եւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարեւորութեամբ ընդգծեց շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Թագաւորին խօսքէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ հինգ պատրիարքներ, որոնք անդրադարձան յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու դժուարութիւններուն ու մանաւանդ արտագաղթին:

Խօսք առաւ նաեւ վեհափառ հայրապետը եւ ըսաւ. «Ո՛չ միայն քրիստոնեայ համայնքները, այլ նաեւ Միջին Արեւելքը իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանը կ’ապրի»: Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադաձաւ երկու կէտերու. «Ա) Կրօններու եւ մշակոյթներու գոյակցութիւնը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց` նկատի ունենալով ծայրայեղական շարժումներու աճը եւ տարածումը` երեւոյթ մը, որ միայն Միջին Արեւելքին յատուկ չէ, այլ նաեւ արեւմտեան աշխարհին: Բ) Ահաբեկչութիւնը դարձեալ միայն Միջին Արեւելքին առնչուած երեւոյթ մը չէ, այլ նաեւ` համամարդկային: Հետեւաբար, պետութիւններ, կրօններ եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ միացեալ ու հաւաքական ուժով պէտք է արմատախիլ ընեն այս չարիքը ընկերութեան կեանքին մէջ: Յաճախ մենք ախտանշանները յաղթահարելու մասին կը մտածենք` մոռնալով անոնց տուն տուող պատճառները»: Խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Ամմանի մէջ երկու պատգամ կը փոխանցէ աշխարհին` ա) Քրիստոնէութիւնը կապուած կը մնայ Միջին Արեւելքին` հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն եւ բ) համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը հարստացուցիչ երեւոյթ մըն է:

Յայտնենք, որ հոգեւոր պետերուն կողմէ արտասանուած խօսքերուն առանձնաբար պատասխանեց Ապտալլա Բ. թագաւորը:

Օր մը առաջ, Յորդանանի թագաւորին հօրեղբօր որդին` Իշխան Ղազի, ներկայ գտնուեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն ու մասնակիցներուն ի պատիւ տրուած պաշտօնական ընթրիքին եւ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն` իր կարգին շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին