Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Ընդունած է Կառավարութեան Հրաժարականը

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ՀՀ կառավարութեան հրաժարականը: ՀՀ Նախագահի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ Նախագահի հրամանագիրին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով` Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 4-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ներկայացուցած հրաժարականը` կ՝որոշեմ.

  1. Ընդունիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաժարականը:
  2. Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն` շարունակել պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը:
  3. Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ ստորագրման պահէն»:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ  կառավարութեան հերթական նիստի աւարտին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` տեղեկացնելով, որ հրաժարական կու տայ: Աւելի ուշ ՀՀԿ խորհուրդի նիստին ժամանակ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ որոշում կայացուցած է վարչապետի պաշտօնին Կարէն Կարապետեանի թեկնածութիւնը առաջարկելու մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին