Ամենակարեւոր եւ թուայնացման ենթակայ փաստաթուղթերը Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող փաստաթուղթերն են: Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան:
Ան նշած է, որ այդ փաստաթուղթերը մինչեւ հիմա պահանջուած են: «Մենք սկսում ենք այն փաստաթղթերի թուայնացումը, որոնց պահանջարկն աւելի մեծ է: Այսօրուայ դրութեամբ դրանք այն փաստաթղթերն են, որոնք կապուած են մարդկանց հետ, այսինքն` նրանց ծննդեան, ամուսնութեան, մահուան ժամանակագրութեան հետ` ընտանիքի տոհմաբանութիւնը կազմելու նպատակով»,- ըստ News.am-ի՝ ըսած է Ամատունի Վիրապեան:
Վիրապեանի խօսքով` ամենակարեւոր փաստաթուղթերը Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած փաստաթուղթերն են, որոնք մինչ օրս պահանջուած են: Ամատունի Վիրապեան յայտնած է, որ վերջերս Գերմանիայէն եկած էր նկարահանող խումբ մը, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին ֆիլմ նկարելու մտադրութիւն ունի: