Ուրուկուէի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին նուիրուած համաժողովի մասնակիցները հռչակագիր ընդունած են, ուր, ի թիւս այլ հարցերու, մասնակիցները կը հաստատեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման օգտին աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ Prensa Armenia-ն, փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է իւրացնէ իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը` առանց սպառնալիքներու եւ բռնութեան ենթարկուելու:
Ստորագրուած փաստաթուղթը կը պաշտպանէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջնորդական ջանքերը, որոնք ուղղուած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, եւ միջազգային հանրութեան կոչ կ’ուղղէ քայլեր ձեռնարկել ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու, ռազմական հռետորաբանութիւնը դադրեցնելու ուղղութեամբ, որպէսզի հակամարտութիւնը նոր զինուած բախումներու չվերածուի:
«Մենք կը ցանկանք, որպէսզի բոլորը իմանան, որ Ուրուկուէի մէջ, որ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու է Լեռնային Ղարաբաղէն, կան մարդիկ, որոնք անտարբեր չեն այս հարցին նկատմամբ»,- ըսած է Ուրուկուէյի խորհրդարանի պատգամաւոր Դանիէլ Ռատիոն հռչակագիրը ընթերցելէ ետք:
Ծերակուտական Ռաֆայէլ Միքելինի, իր հերթին, յայտարարած է, որ այն, ինչ իրենք կ’ընդունին համաժողովի արդիւնքներով, արդարութեան որոշում է: Իրաւապաշտպան Օսկար Լոփես Կոլտարասենան ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը արդէն ինքնորոշուած է եւ ընտրած ազատ ու ինքնիշխան պետութեան իր օրինակը: Իսկ Ուրուկուէյի ԱԳ նախարարի նախկին տեղակալ Պելելա Հերերան յոյս յայտնած է, որ իրենց նախաձեռնութիւնը օրինակ պիտի դառնայ ամբողջ աշխարհի համար:
Ուրուկուէյի մայրաքաղաքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան թեմայով համաժողովը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 2-ին: Համաժողովին մասնակցած են օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ, իրաւապաշտպաններ: Համաժողովի մասնակիցներուն նպատակն է առաջ տանիլ Ուրուկուէյի դիրքորոշումը Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու հարցով: