Սեպտեմբեր 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համատեղ պարգեւատրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Արժանթինի յանձնախումբի անդամները: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը` յղում կատարելով Փրենսա Արմէնիա գործակալութեան:
«100-րդ տարելիցի կեդրոնական յանձնախումբը ուղենշեց ճանապարհ մը, թէ ինչպէս կրնան արդիւնաւէտ համագործակցիլ տարբեր կազմակերպութիւններ իրար հետ: Ան նաեւ նոր փուլի մը սկիզբը դարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին մէջ» ,- իր խօսքին մէջ նշեց Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան, որ իր գործունէութեամբ կամուրջ դարձած է արժանթինահայ համայնքի եւ կեդրոնական յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Արժանթինի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ մենք, անշուշտ, կատարած ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած մեր ներդրումը, սակայն մինչ մենք կը քննարկենք ու կը խօսինք այս մասին, միւս համայնքներուն մէջ ճանաչման գործընթացքը կը շարունակուի: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ իրականացուիլ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դեսպանութիւններուն, տեղական վարձկան քաղաքական գործիչներուն, լրագրողներուն ու գիտնականներուն կողմէ»,- աւելցուց Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրատեան, Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան, Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Վարդան Պօղոսեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Ենոք Էլմասեան պարգեւատրուեցան` իբրեւ համայնքի հոգեւոր կառոյցներու ղեկավարներ:
Արժանթինահայ համայնքի պատասխանատուներէն շնորհակալագիրներ ստացան Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան, Ատոլֆօ Սմիրլեան, Ատրիան Լոմլոմճեան, Ալպերթօ Ճերեճեան, Արփինէ Քարամանուկեան, Տիանա Տէր-Կարապետեան, Համբարձում Հալաճեան, Եորացիօ Թերզեան, Հիւկօ Գույումճեան, Ժորժ Մուրէքեան, Ժորժ Թոսունեան, Միկէլ Մհեր Յարութիւն, Նելիտա Պուլկուրճեան, Նշան Իշխանեան, Օնիկ Պոճիացեան, Ռուպեր Մոզիան, Սամօ Սարգիսեան, Սերխիօ Նահապետեան եւ Վարդի Մանուկեան:
Նշենք, որ պարգեւատրման արարողութեան, որ տեղի կ’ունենար Պուէնոս Այրէսի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրները յանձնեցին Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հիւպատոս Էսթեր Մկրտումեան եւ արքեպիսկոպոս Մաղաքիա Ամիրեան: