Հինգշաբթի, 12. 06. 2025

spot_img

Անկելա Մերքել Մտադիր Չէ Հրաժարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Պունտեսթակի Բանաձեւէն

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, որ պիտի չհրաժարի Հայոց ցեղասպանութեան մասին Պունտեսթակի ընդունած բանաձեւէն, ըստ Panarmenian.net-ի փոխանցմամբ՝ կը յայտնէ «ֆրանքֆուրթեր ալկեմայնէ ցայտունգ»-ը:

Ըստ Պունտեսթակի ՔԴՄ/ՔՍՄ դաշինքի ներկայացուցիչ Ֆոլքեր Քաուտերի, Գերմանիոյ վարչապետը իր հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է, որ յետագային եւս մտադիր է սատարելու խորհրդարանի դիրքորոշումին:

Նախապէս գերմանական «Շփիկել» հանդէսը գրած էր, որ Գերմանիոյ շարք մը նախարարներ միասնական կարծիք ձեւաւորած են Հայոց ցեղասպանութեան հարցով: Ինչպէս կ’ակնկալուէր, Շթեֆեն Զայպերթը պէտք է ելոյթ ունենար լրագրողներու առջեւ Գերմանիոյ կառավարութեան անունէն`բանաձեւին չսատարելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութեամբ, կը յայտնէ swissinfo-ին:

Աւելի առաջ Գերմանիոյ ԱԳ նախարար Ֆրանք Վալթեր Շտայնմայեր մերժած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի պահանջը, որ յայտարարած էր, թէ Պունտեսթակի պատգամաւորները կրնան մուտք գործել Թուրքիոյ տարածք` այցելել «Ինճիրլիք» ռազմակայան, եթէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը մերժէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Պունտեսթակի բանաձեւը:

Անգարան Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն ետք արգիլած է գերմանացի խորհրդարանականներու մուտքը ռազմակայան, ուր տեղակայուած են գերմանական ինքնաթիռներ:

Յունիս 2-ին Գերմանական խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ կողմ քուէարկած է հայերու ու այլ քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: Դէմ էր ընդամէնը 1 պատգամաւոր, եւս մէկը ձեռնպահ մնացած է: Բանաձեւին մէջ կ’ըսուի` «101 տարի առաջ հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը պէտք է յիշատակել»: Կը նշուի, որ խորհրդարանը կը դատապարտէ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերը գրեթէ ամբողջութեամբ ոչնչացնելու գործողութիւնները: Գերմանիան բանաձեւով կ’ընդունի նաեւ իր պատմական պատասխանատուութիւնը ողբերգութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին