Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Փակում Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց  տարեկան Սիւնհոդոսը տեղի ունեցաւ 25 Օգոստոսէն  2 Սեպտեմբեր 2016, կաթողիկոսական Աթոռին մօտ ի Զմմառ, նախագահութեամբ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ թեմերու եպիսկոպոսական եւ վիճակաւորներուն:

Ժողովուրդը մեծ մասամբ ընդգրկեցին ներկայ պայմաններուն տակ Եկեղեցւոյ առաքելութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ Աւետարանի պատգամները ազդուօրէն հաղորդելու եւ գործնականացնելու համար, մանաւանդ արդի սերունդին մօտ, որ ժամանակի մտայնութենէն տարուած, ենթակայ է հետզհետէ աւելի օտարանալու Եկեղեցւոյ աւանդած հարազատ պատգանիմ:

Յատուկ ուշադրութիւն տրուեցաւ ապագայ կղերին պատրաստութեան համար կատարուելիք աշխատանքին, ըլլայ հոգեւոր թէ ազգային կազմաւորման ծիրին մէջ, կիրարկելով արդի դաստիարակչական միջոցները, համապատասխան ընկերութեան կարիքներուն ու պահանջներուն:

Հետապնդելով Ողորմութեան Տարիի ծիրին մէջ Եկեղեցւոյ առաջադրած Նոր Աւետարանումի առաքելութիւնը, անհրաժեշտ դատուեցաւ յառաջ տանիլ համագործակցութիւնը կղերական ու աշխարհական դասերու միջեւ, խորացնելու համար քրիստոնէական հաւատքի ճշգրիտ ըմբռնումն ու ապրումը այս քսանմէկերորդ դարին ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Հայրերը գոհունակութեամբ նշեցին մօտալուտ լոյս ընծայումը կարգ մը հոգեշահ հրատարակութիւններու, որ կը հային վերոյիշեալ նպատակներու իրագործումին. Եկեղեցւոյ մեծ Քրիստոնէական Համառօտ մատեանը, աշխարհաբար առձեռն Սաղմոսարանը, որու պիտի հետեւին Չորս Աւետարանները: Նախատեսուած է նաեւ պատրաստութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատմութեան, որու համար կազմուելու վրայ է  յատուկ յանձնախումբ մը, հմուտ կղերականներէ եւ աշխարհականներէ բաղկացած:

Շեշտուեցաւ վեջապէս անհրաժեշտութիւնը առաւելագոյն կերպով օգտագործելու հաղորդակցութեան միջոցները, յատկապէս արդիական լսատեսողական միջոները եւ մամուլը, վերազարթնում մը յառաջացնելու համար մեր ժողովուրդին երիտասարդ խաւին մէջ, որ օր ըստ օրէ դեռ աւելի ենթակայ կը դառանայ հաւատքի ու բարոյականի թշնամի հոսանքներու քանդիչ ազդեցութեան:

Ժողովական հայրերը քննարկեցին նաեւ Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Հայաստան կատարած հովուական այցելութեան դրական արձագանգները, եւ ջերմօրէն գնահատեցին համամիութենական եւ սիրոյ պատկերը զոր տուին ժողովուրդին զանազան հոգեւոր միջոցառումներու եւ հանդիպումներու առիթով:

Հայրերը, վերջապէս, իրազեկ Միջին Արեւելքի եւ յատուկ կերպով Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքական անկայուն կացութեան, եւ բաժնելով այդ ժողովուրդներուն արդար մտահոգութիւնը ապագայի անորոշ վիճակին մասին, իրենց ձայնը կը միացնեն անոնց առողջ ու հայրենասէր տարրերուն կոչին՝ օր առաջ քաղաքական հանրօգուտ ու մնայուն լուծում մը գտնելու այս անհանդուրժելի կացութեան:

Սիւնհոդոսական հայրերը, ողջունելով Հայ Կաթողիկէ կղերն ու հաւատացեալները ի սփիւռս աշխարհի, կը հայցեն անոնց աղօթքները, որպէսզի ամենաբարին Աստուած, բարեխօսութեամբ սուրբ Աստուծամօր, յաջողութեամբ պսակէ սիւնհոդոսական աշխատանքները:

Զմմառ, 2 Սեպտեմբեր 2016 
 ԴԻՒԱՆ Հ. Կ. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին