Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Մահացած Է ՀՀ Մատենադարանի Տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանը

Հայրենիքի մէջ մահացած է Հայաստանի հանրապետութեան Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանը։ Tert.am-ի հետ զրոյցին Մատենադարանի տնտեսական գծով փոխտնօրէն Արմէն Մկրտչեանը յայտնած է, որ Թամրազեան ծանր հիւանդութենէ կը տառապէր եւ երկար ժամանակ բուժում կը ստանար: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Հրաչեայ Թամրզեան բուժում կը ստանար «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Բժշկական կեդրոնէն ներս։

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի թաղման կապակցութեամբ ձեւաւորուած է կառավարական յանձնաժողով՝ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի գլխաւորութեամբ:

Կառավարական յանձնաժովի համաձայն, Հրաչեայ Թամրազեանի  հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերի 5-ին, ժամը 18:00-20:00-ին Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցուոյ մէջ (Նոր Նորքի 5-րդ զանգուած), վերջին հրաժեշտը՝ Սեպտեմբեր  6-ին, ժամը  12:00-14:00-ին Մատենադարանի ճեմասրահէն ներս:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին