Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս այսօր շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է՝ Գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օրուան առիթով:
Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն՝ Գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օրուան առիթով՝ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը բերենք դպրոցահասակ եւ ուսանող Մեր բոլոր զաւակներուն, մանկավարժներուն, դասախօսներուն, կրթութեան բնագաւառի բոլոր պատասխանատուներուն:
Օրուան խորհուրդը կ’արտայայտէ մեր ժողովուրդին ձգտումն ու սէրը գիտութեան ու լուսաւորութեան հանդէպ, որ դարձած է գրաւականը ազգային մեր յարատեւութեան: Ուսումնական ամէն տարեմուտ մեր ժողովուրդը կը տօնէ բարի յոյսերով ու սպասումով, որ կրթական հաստատութիւններէն սփռուող գիտութեան լոյսով պիտի ամրանան ու զօրանան հոգին ու միտքը մեր զաւակներուն: Կրթութիւնն ու իմացութիւնը Աստուծմէ տրուած բարիք են, որպէսզի մարդը ճանաչելով իր Արարիչն ու աշխարհը` ապահով ու երջանիկ դարձնէ իր կեանքին ընթացքը:
Կ’աղօթենք, որ Տէրը քաջարթուն միտք ու պայծառ հոգի պարգեւէ Մեր սիրելի զաւակներուն եւ պահէ հաստատուն աստուածային պատգամներու շաւիղներուն մէջ, ուժ ու եռանդ շնորհէ մանկավարժ-դասախօսներուն եւ կրթութեան գործի բոլոր նուիրեալներուն` կրթելու եւ դաստիարակելու ազգի արժանաւոր ու շնորհաշատ զաւակներ:
Թող Տիրոջ օրհնութեամբ նոր ուսումնական տարին արգասաւոր ըլլայ առատ վաստակով` յանուն մեր հայրենիքի զօրացման եւ մեր ժողովուրդի յառաջընթացին»: