Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանին Մէջ Պիտի Ցուցադրուի Հայ Բեմադրիչին Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմը

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտութեան ուսումնարանը՝ Շարժանկարի արուեստի դպրոցին հետ համատեղ՝ Սեպտեմբեր 1-ին, Լոս Անճելըսի մէջ պիտի կազմակերպէ բեմադրիչ Էրիք Նազարեանի եւ սենարիստ Նարէ Մկրտչեանի «Տան միւս կողմը» ֆիլմը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Ուսումնարանի ղեկավար Սալբի Ղազարեանի խօսքով` ցեղասպանութենէն ետք փրկուած հայերէն շատերը, որոնք մնացած էին Թուրքիոյ մէջ, ձեռք բերած են նոր ինքնութիւն մը, երբեմն իրենց կամքով, իսկ յաճախ` ոչ:

«Անոնք թաքնուած հայեր էին, գիտէին ով են  իրենք,  սակայն երբ ցեղասպանութեան սերունդը անհետացաւ, երրորդ կամ չորրորդ  սերունդները, որոնք աստիճանաբար բացայայտեցին իրենց արմատները, կը ցնցուէին եւ պատրաստ չէին երրորդ ինքնութեան: Այս ֆիլմը այդ անցումային դժուար շրջանին մասին է»,- ըսած է ուսումնարանի ղեկավարը:

«Տան միւս կողմը» փաստագրական ֆիլմը պատմութիւն մըն է հայ բեմադրիչի եւ «թուրք» կնոջ` Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի նախօրէին տեղի ունեցած ճամբորդութեան մը մասին, դէպի Հայաստան եւ Թուրքիա: Նարէ Մկրտչեանի թրքուհի հերոսուհին, որ համարձակութիւն ունեցած է Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին նախորդած օրերուն երթալ Երեւան, իր ողջ կեանքը ապրած է իբրեւ թրքուհի, մինչ այն պահը, երբ իմացած է, որ իր մեծ մայրը հայուհի է: Ան թաքցուցած է իր ինքնութիւնը, բայց իր մէջ միշտ կռուած են Ցեղասպանութիւն ապրածն ու Ցեղասպանութիւնը ժխտողը: Ան խոր ապրումներով եւ հակասական յոյզերով կը բարձրանայ Ծիծեռնակաբերդ: Հայկական արմատներով թրքուհիին կը հետեւի հայ բեմադրիչը, որ ծնած է Ցեղասպանութենէն շատ յետոյ՝ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու գերդաստանի մէջ: Ան նոյնպէս ունի իր հակասական զգացումները, պայքարը՝ ինքն իր մէջ:

Էրիք Նազարեան ծնած է Հայաստան, սակայն մեծցած է Լոս Անճելըսի մէջ: Համալսարանի Շարժանկարի արուեստի դպրոցի շրջանաւարտ է: Դասախօսութիւններ կարդացած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Եւրոպայի եւ ԱՄՆ համալսարաններու մէջ: Բեմադրիչ Նարէ Մկրտչեան նոյնպէս կը բնակի Լոս Անճելըս եւ Շարժանկարի արուեստի դպրոցի շրջանաւարտ է: Անոր տարերքն է պատմել մարդկային եզակի պատմութիւններ, որոնք մարդոց կը կապեն իրար` չճանչնալով ազգային, կրօնական եւ այլ սահմաններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին