*Տոքթ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
Սիրելի ու պաշտելի իր մը ըլլալու եմ մարդկանց կողմէն…: Այս կրքոտ սիրոյ պատճառը ի՞նչ է, չեմ հասկնար: Պարոյր Սեւակի տուած ածականը, ընդամէնը չորքոտանի մըն եմ՝ մարդկանց ծառայելու ստեղծուած: Բայց մարդիկ զիս ունենալու եւ պահելու համար՝ խառնակչութիւններ կը սարքեն, ստորութիւններ կ’ընեն, կատաղի կռիւ ու պայքար կը մղեն, մոռնալով իրենց մարդկային ծագումը՝ զիս, համեստ չորքոտանիին ակամայ կը ծառայեն՝ յանուն իմ հանդէպ ունեցած իրենց անսահման սիրոյն: Բայց ոչ ոք զիս չի հարցներ, թէ արդեօք ես որո՞ւն կը սիրեմ… երբ հարցը զիս հասնի, փոխադարձ սիրոյ հասկացողութիւնը կը կորչի: Այդ իսկ պատճառով, յաճախ իմ ու կարգ մը մարդկանց յարաբերութիւնը երկար չի տեւեր: Վերջապէս ոչ սիրելի յետոյքներ կրելու համբերութիւնը սահման մը ունի…: Զիս չճանչցողներուն «որոնք քիչ չեն», կը ներկայացնեմ իմ հիմնական մասերս: Նախ ըսեմ, որ այն փայտը, մետաղը, քարը կամ ոսկին, որ կը տրամադրուի զիս կառուցելու, անոնցմէ ամէն մէկը իր անունը ունի՝ Համեստութիւն, Խոհեմութիւն, Ազնուութիւն եւ Պարտականութիւն: Այս չորս ոտքերուս վրայ հարթակ մը կայ, զոր անմիջականօրէն կը կրէ մարդու նստատեղը՝ կը կոչուի Աշխատանք, որմէ կը բարձրանայ մէջքի յետնարանը, եւ կը կոչուի Օրէնք: Վստահ եմ, որ զիս տիրանալ ցանկացողներէն մէկ մասը ծանօթ չէ իմ այս բաղադրեալներուս, ուստի եւ անոնց նկատմամբ ես անտարբեր եմ…:
Ես ունիմ սիրոյ նկատմամբ իմ չափանիշերս, որոնք հետեւեալներն են՝
-Կը սիրեմ ամուր ու աշխոյժ ոտքերով մարդկանց, որոնք պատրաստ են վազվզուքի, ճանապարհներ կտրելու, բեռ ու պատասխանատուութիւն կրելու: Եկուր տես, որ նստիլ ցանկացողներուն որոշ մասը այս դասին չեն պատկանիր, այլ տկար ու յոգնած ոտքեր ունենալով՝ աթոռ կը տենչան հանգստանալու…:
-Հաւասարակշռուած հոգեկանով, խաղաղ մարդ կը սիրեմ: Ջղային մարդը ապահով տէր մը չի կրնար ըլլալ. ան ջղային վիճակի մը մէջ, անտեսելով ամէն ինչ, կրնայ շուրջիններուն քանդում պատճառել՝ մէջն ըլլալով ես…:
-Ընկերներուն կարծիքը մտիկ ընող ու հաշուի առնող մարդը կը նախընտրեմ, որովհետեւ ան մարդկային գանձը հանդիսացող՝ ուղեղը գնահատող մը կ’ըլլայ, կը գիտակցի, որ քանի մը ուղեղներու գործունէութեան արդիւնքը աւելի նախընտրելի է մէկէ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը իր սեփականն է: Մէկ խօսքով մենատէր՝ «Տիքդադոր» մարդ չեմ կրնար սիրել…:
-Սիրով կը ծառայեմ թեթեւ ու մեծ հոգիով մարմիններու, որոնց ներկայութեան շուքը կը տարածուի շուրջբոլորը: Մարդիկ՝ որոնց ծանրութեան կեդրոնը իրենց գլուխն է, եւ ոչ թէ անմիջականօրէն իմ կրած նստատեղին:
-Անմաքուր յետոյքներ տանիլ չեմ կրնար: Փորձէ ելլելով անոնց երկու կարգի կը դասեմ՝ յետոյքներ, որոնք ի սկզբանէ կեղտով լեցուն կ’ըլլան, վրաս նստելով կ’ուզեն ծածկել իրենց անցանկալի վիճակը, եւ յետոյքներ՝ որոնք վրաս այնքան երկար կը նստին, որ միզանիւթ պարունակող քրտինքով կը պատուին, զոր նոյնպէս անցանկալի է: Չեն ձգեր, որ քիչ մը շունչ քաշեմ…:
-Նստած մարդուն, ոտքի կեցողի բարձունքէն դիտելը անտրամաբանական է…: Բնութեան պարզագոյն օրէնքն անգամ, կը ստիպէ անոր գլուխը վեր բարձրացնել՝ ոտքի կեցողին հետ խօսելու ժամանակ եւ ոչ թէ վար: Այս ամենապարզ օրէնքը չհասկցողն ու չկիրառողը՝ նուազագոյնը անբան մը ըլլալու է, ինչպէ՞ս սիրեմ ես անոր…:
-Նստած մարդը համեմատաբար աւելի հանգիստ կ’ըլլայ: Եթէ ան չմտածէ շուրջը՝ ոտքի կեցողներուն հանգիստին մասին, դուռ կը բանայ անոնց, աչք դնելու իմ վրաս՝ որպէս հանգիստի միջոց, եւ անոնք խլել կը փորձեն զիս, վտանգելով կանգուն վիճակս…: Զիս վտանգողը ես չեմ սիրեր:
-Կան մարդիկ, որոնք զիս չունենալու պարագային կը փորձեն ոչնչացնել՝ «կամ ինձ կամ ոչ ոքի» ըսելով: Եթէ նոյնիսկ ան բռնի նստի վրաս, ապա ես միշտ վախով պիտի կրեմ անոր՝ ոտքերս պիտի դողան ու անապահով պիտի ըլլան անոր համար:
-Անշուշտ լեցուն մարդ կը նախընտրեմ, ոչ միայն գրպաններով՝ այլեւ գլուխով, որպէսզի ճիշդ գնահատէ իմ ծաւալներս եւ ըստ այդմ գործէ, առանց նսեմացնելու եւ խայտառակելու հանգամանքս, կամ գերագնահատելով հնարաւորութիւններս՝ ծաղր ու ծանակ ընելով վտանգէ ներկայութիւնս:
-Կ’ուզեմ արժեւորուիլ տիրոջս պատճառով, ոչ թէ արժեւորել զայն ինձմով: Վերջապէս ես եմ ենթական եւ ոչ թէ ինքը: Որքա՞ն տգեղ կը հնչէ՝ երբ «այս էշը այս մարդունն է» ըսելու փոխարէն՝ «այս մարդը այս իշուն կը պատկանի» ըսուի…:
-Հաւատացէ՛ք, այս տուած չափանիշերս դժուար մէկտեղուող չեն, ընդհակառակը՝ մարդ արարածին պարզագոյն յատկութիւններէն մի քանին են, արժանիքներ՝ որոնք մարդուն վեր կը դասեն իմ նման չորքոտանիներէ ու իրաւունքը կու տան բարձրանալ իմ վրայ:
-Վերջապէս կը պահանջեմ, որ վրաս նստողը մարդ ըլլայ, եւ ոչ թէ մարդու կերպարանքով չորքոտանի մը: Ես ինքս չորքոտանի եմ, չեմ ուզեր այդ ածականս կրկնապատկել…: