Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին ընդառաջ, Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան News.am-ի տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Արցախը ունի տնտեսական աճ, բայց ան բաւարար չէ: «Աւելի քան 11 հազար քիլոմեթր տարածքին մէջ կ’ապրին ընդամէնը 150 հազար մարդիկ, կան տասնեակ հազար քիլոմեթր չմշակուած հողեր, չօգտագործուող հանքարդիւնաբերութիւն, վերամշակում, ուրեմն մեծ աշխատանք կայ իրականացնելիք», -ըսաւ Արցախի վարչապետը աւելցնելով, որ թէեւ վերջին տարիներուն տնտեսական զգալի աճ եւ յաջողութիւններ արձանագրուած են ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ հանքարդիւնաբերութեան մարզերէ ներս, բայց տակաւին մեր ներուժին ջնջին մասը կ’օգտագործենք, որովհետեւ կը տառապինք ներդրումներու բացակայութենէ: Այն հարցումին, թէ ի՞նչ խոչընդոտներ կան վերաբնակեցման հարցով, Յարութիւնեան պատասխանեց՝ «հիմնական խոչընդոտը ֆինանսական հնարաւորութիւններն են, բազմաթիւ անգամներ նշած ենք, որ ազատագրուած տարածքներու մէջ հնարաւոր չէ վերաբնակեցում իրականացնել Արցախի պետական պիւտճէի ծիրէն ներս, որովհետեւ այդ պիւտճէն սահմանափակ է»: Արցախի վարչապետին խօսքով, վերաբնակեցումը համահայկական խնդիր է եւ այս հարցով պէտք է միաւորուինք ու փորձենք միասնաբար լուծել այդ էական խնդիրը: