Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Շառլ Ազնաւուր Մերօրեայ Հերոսներու Թեկնածութիւնը «Աւրորա» Մրցանակին Ներկայացնելու Կոչ Կ՝ընէ

Ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուր կոչ կ՝ընէ մերօրեայ հերոսներու թեկնածութիւնը ներկայացնել «Աւրորա» մարդասիրական 2017-ի մրցանակին: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը հաղորդուի մրցանակի դիմատետրի էջին միջոցով:

«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի դափնեկիրին կը տրուի 100,000 ԱՄՆ տոլար պարգեւ եւ անոր ոգեշնչած բարեգործական կազմակերպութիւններուն 1,000,000 ԱՄՆ տոլարի դրամաշնորհի ներկայացնելու հնարաւորութիւն:

Նշենք, որ թեկնածուներու յառաջադրումները սկսած են Յունիս 1-ին եւ պիտի շարունակուին  մինչեւ Սեպտեմբեր 9:

«Աւրորա» մրցանակը նպատակ ունի ճանաչման արժանացնելու  անոնց, որոնք վտանգի կ՝ենթարկեն սեփական կեանքը, առողջութիւնը, ազատութիւնը, որպէսզի փրկեն եւ օգնութիւն ցուցաբերեն այն մարդոց, որոնք կը տառապին մերօրեայ ողբերգութիւններու, յատկապէս` մարդածին աղէտներու եւ մարդկայնութեան դէմ իրականացուող յանցագործութիւններու հետեւանքով:

«Աւրորա»ն հիմնած են 100 LIVES նախաձեռնութեան հիմնադիրները: «Աւրորա» մրցանակը կը շնորհուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունով` իբրեւ երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն: «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական ամենամեայ երկրորդ մրցանակը պիտի շնորհուի 2017 թուականի Ապրիլ 24-ին, Երեւանի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին