Լիբանանեան ծագումով սպանաբնակ տաղանդաւոր ջութակահար Արա Մալիքեանի վերջին ծրագիրը նուիրուած է խաղաղութեան ու համերաշխութեան: Վերցընելով իր հաւատարիմ գործիքը՝ ջութակը, Արա Մալիքեանը շրջեր է փախստականական ճամբարներու մէջ՝ նուագելով սուրիացի երեխաներուն համար:
Սպանական մամուլը անոր մասին կը գրէ, որ երաժիշտը նոյնպէս «պատերազմի զոհ» է. 1970-ականներուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով ան թողեր է իր ծննդավայրն ու գաղթեր՝ Եւրոպա, ուր Արա Մալիքեան ջութակի շնորհիւ դարձեր է աշխարհահռչակ:
Այժմ ան կարող է փոքր ուրախութիւն պատճառել մանկութենէ զրկուած հազարաւոր երեխաներու: Երաժիշտի խօսքերով, անոնցմէ շատեր առաջին անգամն է, որ ջութակ կը տեսնեն, երեխաները կը պարէին ջութակի երաժշտութեան ներքոյ, զարմանքով կը դպնային գործիքի լարերուն:
Արա Մալիքեան անոնց պատմեր է, որ ջութակը իրեն փրկած է փախստականութեան ճանապարհէն, իսկ այժմ ան կ’ուզէ ջութակով իրազեկել աշխարհին՝ սուրիացի ժողովուրդի այսօրուան վիճակի մասին:
Արա Մալիքեանը հրաւիրուած էր Երեւան՝ ելոյթ ունենալու «Թումօ»ի հնգամեակին նուիրուած միջոցառման, սական ՊՊԾ գունդի գրաւման օրերուն համընկած միջոցառումը տեղի չունեցաւ: