Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

«Քարաւան 1915» Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմը Պիտի Ցուցադրուի Թուրքիոյ Մէջ

Հոկտեմբեր 7ին, Թուրքիոյ շարժապատկերի սրահներուն մէջ պիտի սկսի ցուցադրուելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ մը՝ «Քարաւան 1915» անունով։

Թրքական «Ինթերհապեր» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ ֆիլմի բեմագրութեան հեղինակն ու բեմադրիչն է Իսմայիլ Կիւնեշ, իսկ արտադրողը՝ Այնուր Կիւնեշ:

Ֆիլմին մէջ օգտագործուած երաժշտութիւնը յօրինուած է Սուրէն Ասատրեանի կողմէ:

Թուրքիոյ մէջ նկարահանուած այս ֆիլմին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ բռնի տեղահանութիւն: Ֆիլմին մէջ կը պատմուի Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Սեւ ծովու ափին գտնուող Կիրեսուն շրջանը բնակող 200 հայ կանանց ու երեխաներու դէպի Հալէպ ձգուող եւ փորձութիւններով լեցուն բռնագաղթին մասին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին