Ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութիւնը միշտ ալ կայ, աւելին՝ ան բարձր է։ Ռուսական «Ռէկնում» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ, այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ որքան ան հաւանական կը գտնէ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը: «Հակառակորդի ներկայիս պահուածքը հիմքեր կու տայ եզրակացնելու, որ ան դեռ ամբողջութեամբ չէ հրաժարած իր մտադրութիւններէն: Ուստի ապագային որեւէ պահու հնարաւոր է ռազմական գործողութիւններու վերսկսում: Ամէն պարագայի ապրիլեան պատերազմը որոշ զսպող ազդեցութիւն ունեցած է հակառակորդին վրայ: Այդ մէկը կ’երեւի նաեւ անոնց յայտարարութիւններէն», ըսած է Մնացականեան աւելցնելով, «եթէ նախապէս անոնք կ’ըսէին, որ յաղթանակ կը տանին երեք օրուայ մէջ, այժմ նման յայտարարութիւններ այլեւս չեն հնչեր, եւ ես յոյսով եմ, որ անոնք ընդհանրապէս կը հրաժարին իրենց մտադրութիւններէն», ըսած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը:
Ի պատասխան այն հարցին, որ եթէ Ազրպէյճան գործադրէ իր սպառնալիքը՝ Սմերջ համակարգով Ստեփանակերտը հարուածելու մասին, ԼՂ պաշտպանութեան բանակի արձագանգը ի՞նչ կ’ըլլայ, Լեւոն Մնացականեան պատասխանած է. «Եթէ Ազրպէյճանը հարուածներ հասցնէ Ստեփանակերտին, ապա համապատասխան միջոցներ ձեռք կ’առնուին: Թէ ինչ միջոցներ, թող գաղտնիք մնայ անոնց համար: Պատասխանը պարզապէս անհամաչափ կ’ըլլայ»: