Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

«Հայկական Աշխարհը Համացանցում» Խորագրով Գիտաժողովը Մեկնարկեց

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ Օգոստոս 25-ին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ մեկնարկեց «Հայկական աշխարհը համացանցում» խորագիրով գիտաժողովը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԵՊՀ ղեկավար Արամ Սիմոնեան, ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան:

Ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարը յատկապէս շեշտեց այն հանգամանքը, որ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու վերջին զարգացումները նպաստեցին, որպէսզի Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ կապը առաւել դիւրանայ եւ արագանայ:

«Որպէս սփիւռքի նախարար` տարբեր առիթներով նշել եմ, որ շնորհակալ եմ, երախտապարտ եմ համացանց ստեղծողին: Դուք պատկերացրէք, որպէսզի մենք ձեզ հետ կապուէինք` ամիսներ պէտք կը լինէր` որեւէ նամակ տեղ հասցնելու համար: Այսօր մէկ րոպէի ընթացքում, ձեռքի մէկ հպումով` ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեանը կարողանում ենք փոխանցել, տեղեկացնել անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը եւ նրանցից տեղեկութիւններ ստանալ»,- նշեց Հրանոյշ Յակոբեանը եւ յոյս յայտնեց, որ գիտաժողովի մասնակիցները գործնական քայլեր պիտի ձեռնարկեն՝ միասնական համահայկական եւ ազգօգուտ ցանց ստեղծելու ուղղութեամբ, որ աւելի պիտի խթանէ հայկական ներուժին համախմբման, հայկական աշխարհին հզօրացման ու միասնականութեան:

Բացման արարողութենէն ետք գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները, որ պիտի աւարտի Օգոստոս 26–ին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին