Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

«Հայկական Աշխարհը Համացանցում» Խորագիրով Գիտաժողով Երեւանի Մէջ

Օգոստոս 25-ին, ժամը 9.30-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ պիտի մեկնարկէ «Հայկական աշխարհը համացանցում» գիտաժողովը (հասցէ` ԵՊՀ, կեդրոնական մասնաշէնք, 5-րդ յարկ, գիտխորհուրդի նիստերու դահլիճ):

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԵՊՀ ղեկավար Արամ Սիմոնեան, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան:

Զեկուցումներով հանդէս պիտի գան գիտնականներ եւ ոլորտի մասնագէտներ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն:

«Հայկական աշխարհը համացանցի գիտակրթական հարթակում» խորագիրով նիւթերու ներկայացումէն ետք՝ տեղի պիտի ունենան քննարկումներ:

Գիտաժողովը աշխատանքը պիտի շարունակէ Օգոստոս 26–ին` «Տեղեկատուական անվտանգութեան մարտահրաւէրները համացանցում» նիւթերու նիստով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին