*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ Հայրենիքի Անկախութեան Հռչակագիրի տարեդարձն էր: 26 տարիներ առաջ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նստաշրջանին ընդունուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը, որմով դրուեցաւ Հայաստանի անկախ եւ ժողովրդավար պետականութեան հաստատման գործընթացին սկիզբը:
Երեւանի մէկ տեսարժան այգիին մէջ նստած կը խորհրդածէի…:
Ճիշդ է, թէ ընդամէնը քառորդ դարէ ի վեր անկախացած մեր Հայրենիքը ունի իր դժուարութիւնները՝ տնտեսական եւ ընկերային, սակայն սովետական վարչակարգէն ոչ հեռու անցեալին դուրս եկած մեր Հայրենիքի մէջ, կիրառուած ժողովրդավարական սկզբունքը, շրջանի շատ մը երկիրներու հետ համեմատած՝ աւելի քան յարգուած է…:
Յիշեցէք ամիս մը առաջ Հայրենիքի մէջ եղած ապահովական պատահարը եւ տուէք շրջանի մէջ գոյութիւն ունեցող երկրի մը անունը, որուն պետութիւնը այսքան համբերութեամբ կը վերաբերի այսպիսի պարագայի մը հետ…: Յիշեցէք այն օրերու «Ֆեյսպուք»եան գրառումները, ընկերային համացանցի վրայ ոմանց թափած թոյնն ու հայհոյանքը՝ հասցէագրուած իշխանութիւններուն եւ ըսէք ինծի, թէ այս շրջանի ո՞ր պետութիւնն է, որ պիտի հանդուրժէ նման բան ու չարգիլեր «Ֆեյսպուք»ը իր երկրին մէջ՝ Թուրքիա՞ն, Սուրիա՞ն թէ Եգիպտոսը…:
Քանի մը օր առաջ Երեւանի մէջ ներկայ եղայ թեթեւ անեկդոտներու թատրոնի մը, ուր Երկրի նախագահին հասցէին բան չմնաց, որ կատակով չըսին կամ չքննադատեցին: Ըսէք ինծի նման բան մը կարելի՞ է ընել արեւելեան Զուիցերիա անուանեալ՝ Լիբանանի նախագահին մասին (եթէ ունենայ)… եթէ չէք գիտեր իմացէք, որ այդ մէկը Լիբանանի մէջ արգիլուած է եւ օրէնքով պատժելի է:
Եւրոպան այսօրուայ Եւրոպան դառնալու համար գիտէ՞ք ինչերէ անցած է…: Քանի մարդիկ մահապատիժի ենթարկուած են, որքա՞ն արիւն հոսած եւ քանի՞ կառափնարաններ աշխատած են՝ գլխատելու ազատ խօսող իր քաղաքացիները…:
Առիթ չտա՞նք մեր երիտասարդ պետութեան աճելու եւ մեծնալու…: Մինչեւ ե՞րբ այս յաճախ անարդար եւ անպատասխանատու ցեխարձակումը եւ ինչո՞ւ…: