Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի մաս չի հանդիսանար եւ երբեք անոր կազմին պիտի չմիանայ: Այս մասին News.am-ին յայտնեց Եւրոխորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկէլը: Անոր համաձայն անհրաժեշտ է վերջ տալ իրականութիւնը խեղադիւրող գործերուն: «Եթէ պատերազմ կը սկսիս եւ պարտութիւն կը կրես, չես կրնայ վերադառնալ անոր նախորդող հանգրուանին», -նշեց երեսփոխանը: Խօսելով Եւրոպայի խորհրդարանին ու երեսփոխաններուն ընդհանուր դիրքորոշումին մասին՝ Էնկէլ նշեց, որ Եւրոխորհրդարանը Ապրիլին յստակ դիրքորոշում որդեգրած է, իսկ երեսփոխանները պէտք է առերեսուին փաստերուն եւ ճանչնան իրականութիւնը: Նշենք, որ Ապրիլ 12-ին տեղի ունեցած Եւրոպական խորհրդարանական նիստին, բազմաթիւ պատգամաւորներ առաջին անգամ ըլլալով բացայայտօրէն կոչ ուղղած էին ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը եւ պատժամիջոցներ սահմանելու Պաքուի դէմ։ Խօսելով Արցախի քաղաքական անցուդարձերուն մասին եւրոպացի երեսփոխանը յայտարարեց, որ Արցախի ժողովրդավարական զարգացումին վերաբերեալ կասկածներ չեն կրնար ըլլալ: «Ես Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն հանդէս եկայ որպէս դիտորդ: Ես այդ ընտրութիւնները կը համարեմ համահունչ եւրոպական բոլոր չափանիշերուն: Համոզուած եմ, որ դրական պիտի ընթանան նաեւ գալիք ընտրութիւնները», -յայտարարեց երեսփոխան Էնկէլ: