Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր հայկական եկեղեցին ներառուած է քաղաքի զբօսաշրջային շրջայցի պաշտօնական ծրագիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Nouvelles d’Armenie պարբերաթերթը:
Եկեղեցին կը գտնուի Արժանթինի մայրաքաղաքի Փալերմօ շրջանին մէջ:
Քաղաքով շրջայցի պաշտօնական ծրագիրով զբօսաշրջիկները կրնան տեսնել ճարտարապետական յուշարձաններ, թատրոններ, թանգարաններ, ինչպէս նաեւ հայկական եկեղեցին:
«Ճանչցի՛ր Պուէնոս Այրէսը» ծրագիրը կազմողները հայկական եկեղեցին ներառած են` փափաքելով ընդգծել քաղաքի հայ համայնքին կարեւորութիւնը: