Կիրակի, 14. 09. 2025

spot_img

Վերափոխման Տօնակատարութիւն Զմմառու Վանքին Մէջ

Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն՝ Շողակաթի նաւակատիքի տօնը կը կատարուի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը կանխող Շաբաթ օրը: Շաբաթ 13 Օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Զմմառու պատմական վանքին մէջ տօնախմբուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան,  հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց Զմմառու վանքի նորակառոյց «Երանելի Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ, արաբախօս հաւատացեալներու համար: Սուրբ եւ Անմահ պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Արհի. Գերապայծառ Տէրեր, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Հայրեր, Զմմառու վանքի Վարչական Խորհուրդի Հայրեր, շրջակայ գիւղերու գիւղապետերն եւ նօտարները, Զմմառու վանքի բարեկամներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:  Պատարագի երգեցողութիւնը եւ Ս. Խորանի սպասարկութիւնը միասնաբար կատարեցին Ս. Միքայէլ, Երանելի Մալոյեան եւ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի սաները: Օրուան հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀԿՄ Պատանեկան Միութիւնը:

Մեծաւոր Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, ըսաւ. «21-րդ դարու այս դժուարին օրերուն, մենք պէտք է դիմենք Ս. Տիրամօր ամենահզօր բարեխօսութեան, որպէսզի հեռու մնանք կեանքի փորձութիւններէն: Զմմառու Տիրամայրը անսասան պահած է այս սուրբ վանքը երկուքուկէս դարէ ի վեր եւ պիտի շարունակէ իր հովանին տարածել մեր բոլորին վրայ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը այս ամփիթատրոնը կառուցեց ի յիշատակ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին եւ նահատակ միաբաններուն: Այս կառոյցին կեդրոնը կանգնած՝ Երանելիին մեծղի արձանը, թող ներշնչումի աղբիւր հանդիսանայ մեր բոլորին եւ օրինակ դառնայ մեզի, որպէսզի մենք ալ նոյն հաւատքով ապրինք: Ամէն օր կը տեսնենք ու կը լսենք մահ եւ աւերածութիւն, գաղթ ու սպաննութիւն, ուստի չտկարանանք մեր հաւատքին մէջ, այլ ամուր եւ հաստատուն մնանք: Առ այս՝ մարդ արարածը իր մէջէն պէտք է հեռացնէ մեղքը, չարի արմատները եւ անմարդկային արարքները, որպէսզի վերադառնայ իր խղճի անդորրութեան ու խաղաղ կեանք մը ապրի»:

Պատարագի աւարտին՝ տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքը եւ ապա յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ վանքի ներքնագաւիթը: Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման եւ վանքի անուանակոչութեան տօնին առիթով, հրավառութիւն կատարուեցաւ տօնական խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

BZ13AG16 (218)

BZ13AG16 (504)

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին