Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Թրքական Կողմը Հրաւէր Ստանալու Պարագային Պիտի Չմասնակցի ԼՂՀ 25-ամեակին Նուիրուած Խորհրդաժողովին

Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարութեան Եւրոմիութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու գլխաւոր վարչութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 25-ամեակին առիթով կայանալիք միջազգային խորհրդաժողովին, թրքական կողմէն որեւէ մասնակցութիւն չըլլայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber.am»-ը վկայակոչելով թրքական «Ilerihaber.org»-ը։

Նշեալ վարչութիւնը յատուկ գրութեամբ դիմած է Նորարարական եւ կրթական ճարտարագիտութիւններու վարչութեան` պահանջելով, որ  հրաւէր ստանալու պարագային որեւէ թրքական պատուիրակութիւն չմասնակցի՝ ՀՀ երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուելիք յոբելինական խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2016 Սեպտեմբեր 15-18:

Նորարարական եւ կրթական ճարտարագիտութիւններու վարչութիւնն ալ իր հերթին, գրաւոր կերպով հրահանգած է Թուրքիոյ նահանգապետարաններուն եւ նահանգային ազգային կրթական վարչութիւններուն` հայկական կողմէն համապատասխան հրաւէր ստանալու պարագային զերծ մնալու խորհրդաժողովի մասնակցելէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին