Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

«Ցեղասպանութեան Երեխաները» Ֆիլմի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Սիտնիի Մէջ

Կիրակի, 31 Յուլիսին Սիտնիի «Ռայտ» թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Շահանէ Պեքարեանի «Ցեղասպանութեան Երեխաները» ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը:

62 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական այս ֆիլմը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ երեխաներու կրած դժուարութիւններուն ու տառապանքներուն մասին, որոնք ներկայացուած են պատմութիւններուն միջոցով 40 վերապրածներու, որոնք 1980-ական թուականներուն ձայնագրած են իրենց վկայութիւնները Աւստրալիոյ մէջ: Ֆիլմը պատրաստուած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համատեղ:

Ոգեշնչուելով իր մեծ հօր պատմութիւններէն՝ Պեքարեան ֆիլմին մէջ հարցազրոյցներ կը վերցնէ Ցեղասպանութեան վերապրածներէն եւ կ’անդրադառնայ անոնց փորձառութիւններուն, որոնք պահպանելով հայկական մշակոյթը՝ ընդելուզուած են Աւստրալիոյ հասարակութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին