Լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի ծննդեան 80 եւ մասնագիտական գործունէութեան 60-ամեակին նուիրուած՝ «Արուեստի աշխարհին մէջ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը բացուած է Երեւանի մէջ: «Իմ Հայրենիքս Հայաստանն է, թէեւ կ’ապրիմ ԱՄՆ-ի մէջ: Յուզուած եմ եւ երջանիկ, որ այստեղ եմ», «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ նշած է Ռոպերթ Կարապետեան:
«Ռոպերթը արուեստանոցը փոխած է, ոչ թէ Հայրենիքը: Կը կարծեմ, որ այս մէկը անցեալ դարու երկրորդ կէսի մշակութային արժէք ունեցող կարեւորագոյն ցուցահանդէսներէն է», նշած է լրագրող Վանիկ Սանթրեան:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարի մամլոյ խօսնակ Սէյրանուհի Գեղամեանի խօսքով` լուսանկարներէն իւրաքանչիւրը համարժէք է մէկ գիրքի: Այդ լուսանկարները աւելի կ՛արժեն քան տասնեակ էջեր: Ատոնք թէ՛ գեղանկարչական եւ թէ՛ գեղարուեստական տարրեր կը պարունակեն, որոնք անհրաժեշտ են ﬔզի եւ ապագայ սերունդներուն:
«Ռոպերթը պահը անմահացնելու տաղանդ ունի: Ան սեւ եւ սպիտակ լուսանկարներ ստեղծելու վարպետ է, բարձր մակարդակ ունեցող լուսանկարիչ է, Հայաստանի ապագայով մտահոգուած անհատ: Իր մարդկային որակներու եւ նուիրուածութեան շնորհիւ բոլորիս սիրելին դարձած է», նշած է թատերագիր եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Մարգարեան:
Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած սեւ ու սպիտակ լուսանկարներուն մէջ պատկերուած են՝ հայ անուանի գործիչներ Պարոյր Սեւակ, Վարդան Աճեմեան, Մհեր Մկրտչեան, Սօս Սարգսեան, Վահրամ Փափազեան, Օֆելիա Համբարձումեան, Մարտիրոս Սարեան եւ այլք: Բացման արարողութեան «Գրաթերթ» պարբերականին կողմէ Ռոպերթ Կարապետեանին յանձնուեցաւ «Տարուան լաւագոյն լուսանկարիչ» մրցանակը:
Ռոպերթ Կարապետեան բազﬕցս լուսանկարչական ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի, Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Ան նկարահանած է «Իմ Երեւանը», «Վազգէն Մուրատեան» եւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» վաւերագրական շարժանկարները: