Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Արցախի ՄԷջ Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգով Կ’առաջարկուի Նախագահական Կառավարման Նախատիպ

ԼՂՀ նախագահին կից սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովին կողմէ Յուլիս 30-ին հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը բաղկացած է նախաբանէ, մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, կառավարման համակարգը, դատական իշխանութիւնը, տեղական ինքնակառավարումը եւ հանրաքուէ բաժիններէն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հաշուի առնելով հանրային հետաքրքրութիւնը ներկայացուած հայեցակարգի, մասնաւորապէս կառավարման համակարգի տարբերակին հանդէպ, կը տեղեկացնենք, որ մասնագիտական յանձնաժողովին կողմէ առաջարկուած է նախագահական կառավարման նախատիպ:

Հայեցակարգը հանրապետութեան նախագահին կողմէ հաւանութեան արժանանալու պարագային մասնագիտական յանձնաժողովը պիտի  շարունակէ աշխատանքները` սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծին վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին