Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Բրիտանահայերը Կ’օժանդակեն Տաւուշի Մարզի Բաղանիս Գիւղի Դպրոցականներուն

Յուլիս 25-ին` նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ, դպրոցական պայուսակներ եւ անհրաժեշտ գրենական պիտոյքներ ստացան սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի դպրոցի 100 աշակերտները: Սա բրիտանահայերու հերթական նուէրն էր Հայաստանի գիւղական համայնքներու դպրոցականներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Հիմնադրամի պաշտօնական կայքը:

«Հայաստան» հիմնադրամի Մեծ Բրիտանիոյ տեղական մարմինի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անահիտ Ղազարեան, որ ինչպէս միշտ ժամանած էր Լոնտոնէն նուէրները յանձնելու նպատակով, կը նշէ, որ սահմանամերձ գիւղի բնակիչներուն նկատմամբ թէկուզ փոքր հոգածութիւնը միայն նիւթական հարց չի լուծեր: Այս սկզբունքով կ’առաջնորդուի տեղական մարմինը, որ առողջապահական եւ կրթական հաստատութիւններ կեանքի կոչելուն զուգահեռ, կը յաջողի նաեւ միջոցներ հայթայթել հայրենիքի մէջ այս կամ այն գիւղի դպրոցականներուն ուրախութիւն պարգեւելու համար:

Տասներկու տարուան ընթացքին՝ ընկերային այս ծրագիրով՝ Մեծ Բրիտանիոյ տեղական մարմինը դպրոցական պարագաներ ու գրենական պիտոյքներ նուիրաբերած է Հայաստանի Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Վայոց Ձորի, Սիւնիքի եւ Արագածոտնի մարզերու շուրջ 2400 աշակերտի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին