Բրիտանական The Guardian պարբերականը իր «Իմ լաւագոյն լուսանկարը» շարքին մէջ այս անգամ ներկայացուցած է 55-ամեայ ֆրանսահայ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեանի լուսանկարը, ուր հայրը կը պարէ` ի յիշատակ կորսնցուցած զաւկին:
«Ես կը զբաղէի պարով նախքան լուսանկարիչ դառնալս: Ծնելով Ֆրանսայի մէջ` Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ընտանիքի մէջ, ինծի համար պարը այն քիչ հնարաւորութիւններէն մէկն էր, որմով կրնայի կապուիլ իմ հայրենիքիս հետ, ուր երբեք չեմ եղած: Ատիկա ուղի մըն էր վերակենդանացնելու այն պատմութիւնները, որոնք ինծի հասած էին իմ մեծ ծնողներէս: Պարը պատահականօրէն ինծի տարաւ դէպի լուսանկարչութիւն, սակայն այդ երկուքը աւելի շատ ընդհանրութիւններ ունին, քան հնարաւոր է պատկերացնել: Երկուքն ալ գեղարուեստական տեսողութեան եւ արուեստաբանութեան համադրութիւն են: Երկուքն ալ ինչ-որ պատմութիւն կը պատմեն»,-Արցախփրէսի փոխանցմամբ` ներկայացուցած է լուսանկարիչը` նշելով, որ լուսանկարչութիւնը աւելին է, քան պարզապէս նկարել:
«1988 թուականին, երբ Կիւմրիի երկրաշարժը ցնցեց Հայաստան, եւ 40 հազար մարդ զոհուեցաւ, հարիւրաւորներ տեղահանուեցան, ես այնտեղ էի մարդասիրական կազմակերպութեան մը հետ միասին: Լուսանկարչութիւնը դարձաւ աւելին, քան պարզապէս այդ աղէտի մասին վկայութիւններ ցուցադրելը: Այն 1915 թուականէն ի վեր հայկական ինքնութեան, մշակոյթի եւ յիշողութեան հնագիտական ամբողջ հետազօտութիւն մըն է: Ես շատ շուտով հասկցայ, որ լրագրական տեղեկատուութիւնները չեն կրնար ներկայացնել պատմութիւնները, որոնք ես կը ցանկայի պատմել: Լուսանկարչութիւնը ինծի կը հետաքրքրէր, սակայն ոչ ֆոթոլրագրութիւնը, քանի որ այդպէս չէի կրնար ուսումնասիրել զայն, ինչ ես կը պատկերացնէի որպէս Հայաստանի ինքնութիւն` բանաստեղծութիւն, կապը սեփական հողի հետ, հին բանահիւսական աւանդոյթներ: Ամէն անգամ, երբ նկարներ կ’առնեմ, կ’առերեսուիմ իմ պատմութեան: Այդ պայմաններուն մէջ, առարկայութիւնը պարզապէս թիւր է»,-ըսած է Անթուան Ակուճեան:
Իր լաւագոյն լուսանկարին մէջ պատկերուած տղամարդուն լուսանկարիչը նկարած է Ապարանի մէջ:
«1998 թուականին ես Ապարանի մէջ էի` մայրաքաղաք Երեւանէն ոչ շատ հեռու մեծ քաղաքի մը մէջ: Տեղական պարի խումբը ելոյթ կ’ունենար այդ երեկոյ բաց երկնքի տակ: Ծեր ու երիտասարդ հաւաքուած էին: Առաջին նկարս ընելէ յետոյ, ծեր տղամարդ մը մօտեցաւ ինծի արցունքները աչքերուն: Ան ըսաւ ինծի, որ իր որդին մահացած է ելեկտրահարումէ, որ ան իր հպարտութիւնն ու ուրախութիւնն էր, եւ որ ես իրեն շատ նման եմ: Ան հեծկլտալով գրկեց զիս: Անոր անունը Իշրան էր: Ես զինք խնդրեցի պարել ինծի համար, եւ ան սկսաւ պարել: Ատիկա գեղեցիկ էր, ոչ որովհետեւ այդ տղամարդը գեղեցիկ էր, այլ որովհետեւ ան կը ներկայացնէր հայերու գիտակցութեան մէջ խոր երեւոյթ մը. ան տօնական շունչով կը յաղթահարէր այդ ահռելի կորուստը»,-պատմած է ան:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով լուսանկարիչը վստահ է, որ աւելի ու աւելի երկիրներ պէտք է ատիկա ընեն:
«Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք աշխարհ աւելի ու աւելի իր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը պահէ «ցեղասպանութիւն» բառը: Որքան Էրտողանը հերքէ այդ իրողութիւնը, այնքան աւելի ուժեղ կը դառնանք մենք: Մենք գիտենք` ինչ կը նշանակէ անհետանալ, եւ մենք կը դիմադրենք ատոր անկախ ամէն ինչէ»,-եզրափակած է ֆրանսահայ լուսանկարիչը: