Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Ուիլիըմ Սարոյեանի Գիրքի Հիման Վրայ Նկարահանուած Հոլիվուտեան «Իթաքա» Ֆիլմի Գովազդը` Թոմ Հենքսի Մասնակցութեամբ

Հիանալի նորութիւն հայ ֆիլմ սերողներուն եւ ընթերցասէրներուն համար: Համացանցի վրայ յայտնուած է XX դարուն առաջին կէսին ամերիկահայ յայտնի գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային կատակերգութիւն» գիրքի հիման վրայ նկարահանուած «Իթաքա» ֆիլմի գովազդը, կը գրէ NEWS.am STYLE-ը:

Ֆիլմի բեմադրիչն է հոլիվուտեան յայտնի դերասանուհի, արտադրող Մեկ Ռայեանը, որ Թոմ Հենքսի հետ կը մարմնաւորեն ֆիլմի գլխաւոր հերոսներէն երկուքը:

«Իթաքա» թատերախաղի, որ Ռայեանի բեմադրական առաջին գործն է, դէպքերը կը զարգանան Երկրորդ համաշխարային պատերազմի տարիներուն: Ֆիլմը կը պատմէ 14–ամեայ նամակատար Հոմեր Մաքոլիի մասին: Տղուն աւագ եղբայրը կ’երթայ պատերազմ` անոր խնամքին ձգելով ամբողջ ընտանիքը: Եւ օր մը Հոմեր կը ստանայ նամակ, որ ընդմիշտ կը փոխէ անոր կեանքը…

Նշենք, որ ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը կայացած է Middleburg Film Festival-ի  ժամանակ, բայց թէ երբ այն հնարաւոր կ’ըլլայ դիտել թատրոններու մէջ, գովազդին մէջ չի նշուիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին