Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Ձգտում-Անկում

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Գիրքը պայքարներու յաջորդականութեանբ օղակուած ընթացք մըն է՝ յանուն յաւիտենական կեանքի իրագործումի:

Կիլկամէշ իր հետ ունենալով Էնկիտուն, կ՛իյնայ ճանապարհ որոնելու՝ գտնելու յոյսով յաւիտենականութիւնը. ուրիշ խօսքով՝ անմահութիւնը. բան մը, որ ցանկալի է հարկաւ, եւ սակայն…։

Դժուար է բաժանումը կեանքէն, որ իր հազարաթել քնքշանքներով կը կապէ մարդը. թէ՛ գարնան զեփիւռը, թէ՛ ամրան տօթը իրենց յատուկ գրաւչութիւնն ու օգուտը ունին, ինչպէս նաեւ մեզ շրջապատող ամէն իր եւ կենդանութիւն…։ Եւ սակայն, ի՞նչ կ’ըլլայ արդիւնքը:

«Դու ո՞ւր ես ձգտում, Կիլկամէշ,
Կեանքը որ փնտռում ես, չես գտնի…

————————————————

Աստուածները երբ ստեղծում էին մարդուն
Նրան մահ սահմանեցին
Կեանքն իրենց ձեռքում պահեցին…

Յաւիտենական կեանքը, որ կառչածութիւն է, ինքնաբերաբար շղթայումն է ազատութեան. թօթափէ կառչածութիւնը ու պիտի ազատագրուիս. դժուար իրականացում արդարեւ. ուստի, մարդ արարածը ա՛յլ ճամբաներ հնարած է թէ՛ յետ մահու յաւիտենութեան կամ՝ այս աշխարհի մէջ անուն մը ձգած ըլլալու բաւարարութեամբ. ուստի զարկ տուած է արուեստներու, արշաւանքներով՝ տիրապետելու անյագուրդ իղձին, կանգնելով բուրգեր, արձաններ, դրամներ տպելով ու անոնց վրայ իրենց նկարը պատկերելով, քաղաքներու անուններով, նոյնիսկ մոլորակներու անուններով եւ այլն…։

Սակայն սա մեր ապրած կեանքը խաղաղութեամբ բոլորելու ամէն ճիգերը մնացած են ապարդիւն, վերոնշեալ կարգ մը պատճառներով, երբ բանակներ կ’ասպատակեն երկիրներ։

Ի փառս մէկու մը, որ փառաւորեալ պիտի կոչուի ե՛ւ ներկայի ե՛ւ ապագայի մէջ… ու այս ամէնուն իբրեւ զոհ, ենթարկուողը պիտի ցանկայ արդարութիւն ուժեղէն՝ որու արդարութիւնը իր սուրին ծայրէն կախեալ է: Ուժեղէն արդարութիւնը ինքնին տկարին նուաճումն է՝ ի շահ իր անկուշտ տենչանքներուն եւ այդպէս պայքարը կը շարունակուի բազմատեսակ երեսներով ու երբեմն մարդ կը շուարի որոնելով ելքը: Բայց մի՞թէ ունի ելք, թէ խնդիրը յաւիտեան է, կամ հեռո՜ւ, շատ հեռու, եւ կարելի չէ կասեցնել ինչպէս յորդահոս գետը մի քանի թուբերով, կամ փոթորիկը սանձել… աղօթքներով:

Այս տակաւին արտաքին երեւոյթ է. կայ ամէն մէկ անձի ներքին կառոյցն ու փափաքը, անոր հասնելու ցանկութիւնը, ի հարկ է չկարենալ իրականացնելու պարագային ներքին տագնապը կ’ըլլայ անխուսափելի, այդ ալ մարդկային է ու բնական:

Հնդիկ աշխարհահռչակ բանաստեղծ Ռապինտրանադ Դակոր ունեցաւ իր տեսլականը.-

«Ես հալածում եմ ոսկէ եղնիկին:

—————————————————

Ես վազում եմ սարերով ու ձորերով, թափառում
Եմ անանուն վայրերուն, որովհետեւ հետապնդում եմ
ոսկէ եղնիկին: (Պարտիզպանը.69):
Բայց ո՛րն է ելքը:
Սոփոկլես յոյն փիլիսոփան ըսած է- «Լաւագոյնն է չծնիլ…»
Բայց արդէն ծնած ենք…
Տարուին ըսած է «Յարմարողը կը գոյատեւէ»…։ Բայց բանական մարդու համար մի՞թէ հեշտ է յարմարիլ երբ դատողութիւն ու կիրք կը միանան… փափաքները անսահման են իսկ իրականացումը՝ անկարելի:
«Ուզեցի արեւը բռնել ու խաղալ գնդիկի փոխարէն
Ուզածս մեծ բա՞ն էր միթէ իմ… տարիքս տասը չէր…»
Սակայն երբ զարնուինք իրականութեան պատին, որ ալ կախեալ չէ մեզմէ…։
«Ուզեցի տեղ մը ես սրտին մէջ
Ու դարձայ ողջակէզ…

——————————————–

Ալ տեղ մը չեմ ուզեր ոչ մէկ տեղ
Կ’ուզեմ որ այրեն դիակս փայտէ ու տան հովերուն
Աչքերուն առջեւ «արդար» արեւուն…»:
Հոս կը վերջանայ ամէն ցանկութիւն:

Ցգրութիւն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին