Ուրբաթ, 08. 11. 2024

spot_img

«Իմ Հայաստան» Փառատօնի Հիւրերը Վարպետութեան Դասերու Կը Մասնակցին

*ԱՐՓԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ*
ԵՊՀ  Լրագրութեան Բաժանմունքի 2-րդ Դասարանի Ուսանողուհի

Յուլիս 21-ին «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրէն ներս Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի Կուլտուրայի (մշակոյթի) բաժանմունքի պարարուեստի ամպիոնին մէջ տեղի ունեցաւ հերթական վարպետութեան դասը: Այս անգամ մասնակիցները սորվեցան Հարս-խանէ եւ Քոչարի պարերը: Աշխարհի 25 երկիրներէ ժամանած պարախումբերու պարուսոյցները մեծ հաճոյքով ու եռանդով կը մասնակցին դասընթացքին: Անոնցմէ երկուքը «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնն ու յուզմունքը:

«Նուռ եւ Անի» պարախումբի ղեկավար Սոֆիա Եսայեան ըսաւ. «Մենք եկած ենք Կելենճիկէն, կը ներկայացնենք հայ համայնքը, որուն համար շատ ուրախ ենք: Փառատօնին կը մասնակցինք առաջին անգամ, շատ տպաւորուած ենք, իսկ վարպետութեան դասերը հոյակապ են»:

ՌԴ Մայքոփ քաղաքի «Նաիրի» պարային համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Սիւզաննա Պապայեան նշեց. «Արդէն 3-րդ անգամն է, որ կը մասնակցինք փառատօնին: Տպաւորութիւնները հիանալի են, երբ բոլոր ղեկավարները համախմբուած իրենց սաներուն բերած են Հայրենիքը տեսնելու, կը պատկերացնէք ինչպիսի զգացողութիւններ եւ տպաւորութիւններ պէտք է ըլլան: Վարպետութեան դասերուն ընթացքքին ստացած հմտութիւններուն մենք, դուրսը ապրելով, չենք կրնար տիրապետել, այդ իսկ պատճառով շատ կարեւոր եւ օգտակար են մեզի համար»:

Պարուսոյց Սուրէն Խաչատրեան եւս իր ուրախութիւնը կիսեց. «Հետաքրքական է, որ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած փառատօնին կը մասնակցին 40 եւ աւելի պարախումբեր 25 երկրէ: Երբ կը տեսնեմ օտար երկիրներ ապրող այսքան հայերու նման գեղեցիկ առիթով Հայրենիքի մէջ հաւաքուած, ուրախութիւն կ’ապրիմ, որ բոլորս միասին ենք…»:

«Հայերն Այսօր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին