Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Այս Ի՞նչ Անպատասխանատու Եւ Ճահիլական Գործ Է…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկուան երեկոյեան լուրերէն, ի զարմանք եւ ի մտահոգութիւն ինծի՝ ականատեսը եղայ Թոնի Օրեան անունով հայկական ծագումով լիբանանցի երիտասարդի մը արկածախնդրութեան, որ ծանօթ է լիբանանեան Ազգային Ազատ Հոսանքի շարքերուն իր պատկանելիութեամբ ու նաեւ Սուրիոյ իշխանութեան համակիր իր գործունէութեամբ:

Ան Լիբանանէն շալկուելով Հալէպ գացած է՝ երեւի օգտուելով դպրոցական արձակուրդէն, որովհետեւ, ամէն մեղքիս, ան ուսուցիչ ալ է լիբանանեան կրթական համակարգէն ներս, եւ խումբ մը զինեալներու գլուխը անցած, (որոնց մասին կը յայտարարէ, թէ անոնք Սուրիոյ իշխանութեան կողքին կռուող Ալ Քուտս զինեալ խմբակի հայ անդամներ են), անոնց   «քաղաքական եւ պատմական» իր չգիտցած դասերը կու տայ, ինչպէս որ ցուցադրուեցաւ լիբանանեան շատ մը հեռատեսիլի կայաններէ:

Ան ամենավտանգաւոր համեմատութեամբ մը՝ անցեալ դարասկզբի Հայ ազատագրական պայքարի ֆիտայական շարժումները կը նոյնացնէ այդ խմբակին գործունէութեան հետ, անոնց մղելով կռուիլ, իր խօսքերով, Սուրիոյ իշխանութեան հակառակ, թրքամէտ զինեալ խմբաւորումներուն դէմ: Կայ աւելի վտանգաւորը՝ ան բաց բերանով կը յայտարարէ, որ ինք Լիբանանէն եկած է լիբանանահայութեան անունով, անոնց զօրակցութիւն յայտնելու…:

Բոլորս ունինք մեր քաղաքական տարբեր կեցուածքներն ու դրսեւորումները, որոնք ոչ մէկ ատեն պէտք է հակասեն Հայ Ժողովուրդի ընդհանուր ապահովութեան ու գոյութեան հիմնախնդիրին:

Այս երիտասարդին արկածախնդիր եւ ինչու չէ ցուցամոլական գործելաձեւը, որքանո՞վ ապահով կը ձգէ Հալէպահայութիւնը՝ ընդդէմ ահաբեկիչ զինեալներու հակազդեցութեան կամ վրէժխնդրութեան…: Այս ի՞նչ  անպատասխանատու եւ ճահիլական գործ է…:

Ան ալ ըսեմ, որ Թոնի Օրեանը իր «Ֆեյսպուք»ի անձնական էջով իր «քաջագործութիւնները» կը տարածէ, որպէսզի եթէ պատահի, որ լիբանանեան լրատուութիւնը հասանելի չըլլայ ահաբեկիչներու ականջին՝ ապա ընկերային համացանցով այդ մէկը անպայման տեղ հասնի…:

Թոնի Օրեան կոչեցեալը, կամ իրեն պէս մտածողներ կրնա՞ն արդեօք քաղաքական եւ ապահովական պատասխանատուութիւնը ստանձնել՝ եթէ Աստուած չընէ հայաբնակ Հալէպի կամ ինչու չէ Պուրճ Համուտի հրապարակը թիրախ ըլլայ ահաբեկիչներու հակազդեցութեան կամ անձնասպանական գործողութիւններուն…:

Ո՞վ պիտի զսպէ այս ցուցամոլ եւ ըստ երեւոյթին իր կատարածին պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը չունեցող երիտասարդը…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին