Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

No Pain, No Gain

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Շատ սիրած եմ թուաբանութիւնը, մանաւանդ ճշգրտութեան պատճառաւ. առաձգական չէ, ոչ ալ հեղուկային, այլ հաստատ: Մէկ առաւել մէկ հաւասար է երկուքի:

Ամէնէն առաձգականը, առաւել՝ կազայինը փիլիսոփայութիւնն է, ուր մէկ  նիւթէ կրնայ յառաջանալ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ: Ածականներու տարափը՝ ա՛յլ խնդիր, ինչ որ կողմի մը համար ազատամարտիկ կրնայ անուանուիլ, ընդդիմադիր կողմի մը համար՝ ոճրագործ…։

Իսկ ինծի համար անորոշ բառ մըն է «մենք» բառը: Եթէ «Երկնի աստղերէն մերն է միայն անիկա»…։ Եթէ ոչ աստղերու թիւին չափ, այլ բաւականէն աւելի «մենք» եր ունինք.- «Եւ այդպէս էլ գլխի չընկանք, թէ մեր ուզած ժամանկը ե՞րբ է գալիս ժամանակին» (Համօ Սահեան): «Գլխի իյնալ»ը –այլ բառով, այլ հասկացողութեամբ՝ «սթափիլն» է… ինչ որ դարերէ ի վեր կը կրկնուի, կը կրկնուի մինչ դեռ գլխի չենք իյնար-կայ Վարդա՞ն- կայ նաեւ Վասակ…։ Միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են պատմութեան թատերաբեմին վրայ: Պէտքը եղած է նաեւ՝ «Քաւութեան նոխազի», իսկ ի չգոյէ հնարուա՛ծ, ըլլայ այդ անհատական, միութենական կամ նոյնիսկ պետական չափանիշով:

Հեռուները երթալու պէտք չունինք երբ ունինք Խորենացին, որ «Պատմահայր» կ’անուանուի հոն տեսնելու երեւոյթներ, ինչ որ այսօրերուս տակաւին կը պատահի, ի հարկ է բոլորովին տարբեր դարերու մէջ ըլլալուն՝ կը տարբերին անունները վայրերու եւ անձերու, ո՛չ սակայն կորիզը՝ որով կը յատկանշուին փոխյարաբերութիւները ու եղելութիւնները. անփոփոխ են, մեր պարագային՝ հայ կորիզը:

Պատմութեան սկիզբէն ի վեր եղած են ու կան եւ տակաւին պիտի ըլլան՝ ինչ որ մարդ-կենդանիին էութիւնն իսկ է. այսինքն՝ գերակայութեան զգացում, անձնասիրութիւն, բռնութիւն՝ ի խնդիր գոյատեւումի, ինչ որ շա՜տ, շա՜տ բնական է. հուսկ՝ ամէն ազգի մէջ. Լուի տասնչորրորդ ըսաւ՝ «Ե՛ս եմ պատմութիւնը», իսկ ո՞ւր է ժողովուրդին տեղը, շահը… սակայն ախտերու տեսակները բազմաթիւ են, մանաւանդ վերջին դարուն, հակասովետախտը, որ տակաւին ոմանց սիրտերը կը խորովէ… քանի որ այնքա՜ն ժխտական իրողութիւններ կը վերագրուին… մեր մաքրամաքուր ու հզօր ծինը խաթարած ըլլալուն… (զարմանալի… հազարաւոր տարիներու հայու ծինը այդքան շո՞ւտ կը խաթարուի. ողբամ ապրելոց), իսկ հայոց ներհակ պայքարները մի՞թէ առանց արիւնի եղած են, երբ Խ. Միութիւն կազմուած իսկ չէր… այլապէս ինչո՞ւ Շահնուր պիտի գրէր.- «Հայը ստրուկ է, որ կը հերոսանայ իր եղբայրը սպաննելով. երբեմն՝ ո՛չ իսկ այդ»:

Ռուդաքիիէն.- «Դուն զո՞վ սպաննեցիր, որ քեզ սպաննեցին եւ զայն  պիտի սպաննեն» (հազար տարուան խօսք):

Այս այսպէս է. մարդկային պատմութիւնը չի փոխուիր իր խորքին մէջ… այնքան ատեն, որ մարդ արարածը կը մնայ մարդ homo sapiens կոչուելէն ի վեր ու տակաւին…։

Ամէն տրամաբանութիւն դրամաբանութեան (անձնասիրութեան) խրամէն կը հոսի…։

Նորութիւն չեն թշնամանքի արիւնահոսութիւնները, քաղաքացիական պատերազմները, ուստի եւ սակայն, կան ու կը մնան Անդրանիկներ մեզի պաշտպան՝ միշտ յուսալով լաւագոյնին:

No Pain

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին