Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

«Եթէ Ազրպէյճան Կ՛ուզէ Խուսափիլ Աղէտէ Պարտաւոր է Վերանայիլ Իր Պետականաշինութեան Փիլիսոփայութիւնը». ԼՂՀ Նախագահ

Վրէժխնդրութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը վաղ թէ ուշ կը յանգեցնէ՝ երկիրին մէջ լուրջ ցնցումներու եւ աղէտներու:

Այս մասին ըստ «Արցախփրես»-ի «Լենթա.ռու»–ի տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է՝ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, անդրադառնալով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ արդեօք Ազրպէյճանը փոխել ԼՂՀ-ի նկատմամբ իր դիրքորոշումը:

«Կը կարծեմ, որ այստեղ հարցը միայն ղարաբաղա–ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն չի վերաբերիր: Վրէժխնդրութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը, վաղ թէ ուշ կը յանգեցնէ լուրջ ցնցումներու եւ աղէտներու երկիրին մէջ, ուր այդ գաղափարները բարձրացած են պետական գաղափարախօսութեան մակարդակի: Այդ պատճառով եթէ Ազրպէյճանը կ՛ուզէ խուսափիլ այսպիսի աղէտէ, ուղղակի պարտաւոր է վերանայիլ իր պետականաշինութեան փիլիսոփայութիւնը», ըսած է ԼՂՀ նախագահը:

Այն հարցումին, թէ ինչը կրնայ արմատապէս փոխել տարածաշրջանին մէջ ուժերու դասաւորուածութիւնը, Բակօ Սահակեան պատասխանած է, որ Հարաւային Կովկասը շատ զգայուն եւ բարդ տարածաշրջան է: «Անոր շրջաններէն մէկուն մէջ լուրջ ցնցումները կամ գոյութիւն ունեցող դասաւորուածութիւնը փոխելու երրորդ երկիրներու փորձերը՝ յղի են յեղափոխութիւններով, ոչ միայն եւ ոչ այնքան տեղական` այլ տարածաշրջանային եւ նոյնիսկ համաշխարհային բնոյթի: Այդ պատճառով ալ այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումը, մասնաւորաբար հակամարտութեան գօտիի մէջ, միջազգային անվտանգութեան  կարեւոր երեւոյթ է: Եւ այն պարագան, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի մշտական անդամներ են, անոր վառ ապացոյցն է», նշած է նախագահ Սահակեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին