Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«Հաւաքը Կառուցողական Մթնոլորտի ՄԷջ Անցաւ». «Հայաստան. Ստեղծենք Միասին» Երիտասարդական Հաւաքի Մասնակից

*ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ*

Տիգրան Օհանեան Յուլիս 11-14 կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ կայացած «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքին:

Տիգրան կ’ապրի Լեհաստանի մէջ, բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ Վարշաւայի համալսարանին մէջ` ուսանելով Լրագրութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի միջազգային յարաբերութիւններ բաժինին մէջ, դոկտորանտ է:

«Երիտասարդական հաւաքի կազմակերպումը հետաքրքիր եւ ողջունելի գաղափար է: Սփիւռքահայ երիտասարդներու համախմբումը Հայաստանի մէջ շատ կարեւոր է, քանի որ օտարութեան մէջ ապրող հայերը, մէջը ըլլալով նաեւ ես, մասնակցելով նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու, կրնանք յետագային նպաստել համահայկական շահերու եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան հարցերու կարգաւորման:

Հաւաքը կառուցողական մթնոլորտի մէջ անցաւ: Յուսանք` յաջորդ տարիներուն այն աւելի կը կատարելագործուի եւ աշխարհագրական նոր դիրքեր կը ներառէ իր մէջ»,-«Հայերն այսօր»-ին,- իր կարծիքը յայտնեց Տիգրան Օհանեան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին