Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Մինսքի Խումբի Համանախագահները Կրկին Պիտի Այցելեն Տարածաշրջան

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները մտադիր են կրկին այցելել տարածաշրջան, սակայն այցելութեան յստակ ժամկէտներ դեռ չեն նախանշուած:

Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»ին յայտնած է Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով: «Բնականաբար մենք պիտի երթանք, սակայն դեռ ժամկէտ չկայ, անիկա կը քննարկուի կողմերու հետ, երբ անոնց յարմար ըլլայ` հաշուի առնելով անոնց աշխատանքային ծրագիրը», «Արցախփրես»-ի փոխանցմամբ ըսած է Փոփով:

Ան յայտնած է, որ Յուլիս 11-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Մինսքի խումբի բոլոր անդամներուն նիստ, որուն մասնակցած են Մինսքի խումբի համանախագահներ Փոփով, Փիեռ Անտրիւ (Ֆրանսա), Ճէյմս Ուորլիք (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկ:

«Ընդհանուր առմամբ այս հանդիպումը նուիրուած էր համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուած վերջին միջնորդական ջանքերուն եւ Ս․ Փեթերզպուրկի գագաթաժողովի արդիւնքներուն տրուած գնահատականներուն: Իմ ֆրանսացի եւ ամերիկացի գործընկերները ներկայացուցած են, թէ ինչ զրոյցներ ունեցած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտն ու ԱՄՆ ԱԳ նախարար Ճոն Քերրին: Մենք նաեւ խօսած ենք այն մասին, թէ ինչպէս պէտք է կառուցել յետագայ միջնորդական աշխատանքը», յայտնած է Փոփով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին