Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Լիբանանի Թմմ-Ը Պատուեց Ընկ. Եւ Ընկհ. Վարդան Եւ Ռոզէթ Ուզունեանները

Լիբանանի ԹՄՄ-ը՝ իրենց Լիբանան այցելութեան առիթով ընդունելութեամբ մը պատուեց Ընկ. եւ Ընկհ. Վարդան եւ Ռոզէթ Ուզունեանները, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ:

Ընկեր Վարդան Ուզունեան ատենադպիրն է ԹՄՄ Լոնտոն Թրասթին եւ նախագահը՝ հայրենիքի մէջ գործող «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամին: Ան իր այս պատասխանատու պաշտօններուն կարգին, գանձապահն է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր կեդրոնական Վարչութեան:

 

Նախ պաշտօնական ապա մտերմիկ հանդիպումին ներկայ եղան ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ ընկերներ Սեւակ Յակոբեանը եւ Հրայր Հովիւեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանը եւ Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան ու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աւագանին:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ դրուեցան ապագայի ծրագիրներ:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Գասարճեան իր բարեգալուստի խօսքին մէջ շեշտեց միութենական եւ կուսակցական տարբեր կառոյցներու գործակցութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ անցեալի վերաբերող  ու անձնական ամէն հարց մէկ կողմ դրած դէպի ապագայ քալելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ընկեր Ուզունեան իր կարգին ուրախութիւնը յայտնեց, ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի Պէյրութի ընտանիքին մէջ գտնուելու առթիւ, որ իր տունն է արդէն:

41

Պաշտօնական հանդիպման յաջորդեց ընկերային հանդիպում մը, ճաշասեղանին շուրջ:

Ընկեր եւ ընկերուհի Ուզունեաններ լաւապէս տպաւորուած ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակի աշխատանքներով, սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարեցին Լիբանանի ՌԱԿ-ի կառոյցին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին