Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Էրտողանը Հասկցած Է Իրեն Ուղղուած Մեծերուն Պատգամը…

   *ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երկար քաշքշուքէ ու երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական եւ զինուորական տագնապներէ ետք, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտարարեց, թէ ինք նամակ մը ստացած է իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանէն, որուն մէջ վերջինս ներողութիւն կը խնդրէ ռուս ռազմական օդաչուին սպանութեան հարցով, անոր պատերազմական օդանաւը Սուրիա-Թուրքիա սահմանագիծի օդային տարածքին վրայ անցեալ Նոյեմբերին թռիչք կատարած պահուն՝ թրքական ուժերու կողմէ վար առնուելէ ետք:

Ըստ Քրեմլինի խօսնակին, Էրտողան իր նամակին մէջ պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ վերահաստատելու Թուրքիոյ կապերը Մոսկուայի հետ:

Ռուս ռազմական օդաչուին սպանութեան եւ ռուսական ռմբակոծիչին Թուրքիոյ կողմէ վար առնուելու այս արկածախնդրութիւնը՝ թուրք-ռուս  յարաբերութիւնները իրենց ամենավատ վիճակին հասցուցած էին: Ռուսական կողմը զայն նկատած էր որպէս «կռնակէն դաշունահարում»:

Թէ ի՞նչ եղաւ, որ Էրտողան երկար յամառելէ ետք յանկարծ ներողութիւն խնդրեց Փութինէն, քիչ թէ շատ յստակ է, որ ան վերջին շրջանին մեկուսացած էր եւ քանի մը քաղաքական հարուածներ ստացած, որոնց ամենազօրաւորը Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումն էր։

Վերոնշեալին վրայ եթէ աւելցնենք Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Հայաստան, Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալը եւ «Ցեղասպանութիւն» բառը կրկնելը, իսկ անոր դիմաց՝ Էրտողանի լռութիւն պահելը եւ իր փոխ արտաքին գործոց նախարարին շատ մեղմ արտայայտութիւնը այդ կապակցութեամբ, աւելի յստակ կը դառնայ Էրտողանի այս ներողութիւն խնդրելը, մանաւանդ եթէ ի մտի ունենանք, որ ան միեւնոյն ժամանակ յանկարծ միակողմանիօրէն յարաբերութիւնները կը լաւացնէ Իսրայէլի հետ, մոռացութեան տալով իր նախկին բոլոր պոռոտախօսութիւնները անոր դէմ ալ։

Այնպէս կ’երեւայ, որ Էրտողան լաւ հասկցած է իրեն ուղղուած միջազգային ընտանիքին պատգամը…։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին