Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը Տեսակցութիւն Ունեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի Նախագահ Գալուստ Սահակեանի Հետ

Չորեքշաբթի 22 Յունիս 2016-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ ընկեր Սերխիօ Նահապետեանին, ընդունուեցաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի կողմէ:

1

2

 

Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը ողջունելէ ետք, ԱԺ-ի նախագահը անդրադարձաւ ՌԱԿ-ի բազմամեայ պատմութեան, կարեւոր նկատելով անոր անցած ուղին, ձեռքբերումները եւ դերը Սփիւռքի հայապահպանութեան գործընթացին մէջ: ԱԺ նախագահը բարձր գնահատեց Հայ ժողովուրդի համար կարեւորագոյն հարցերու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորումի հարցով, Սփիւռքի ներդրումը: Այս ծիրէն ներս ան կարեւոր նկատեց ողջ հայութեան համատեղ ջանքերը:

Ընկեր Սերխիօ Նահապետեան շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար նշեց, որ ՌԱԿ-ի գործունէութիւնը այսուհետեւ ալ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդումին: «Մենք մեր հնարաւորը կ’ընենք, որպէսզի Սփիւռքահայերը մշտապէս հաղորդակից դառնան հայ մշակոյթին, կրթութեան եւ հոգեւոր արժէքներուն», ըսաւ ընկեր Նահապետեան:

Ընկեր Նահապետեան նաեւ կարեւոր նկատեց Սփիւռքի դերը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորումին կապակցութեամբ: Ան նաեւ վստահեցուց, որ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները շարունակական ընթացքի մէջ են:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ  նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին