Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Հալէպի Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ. Վրժ.-ի 9րդ եւ12րդ Կարգերու Նուիրման Պաշտամունք

Կիրակի 19 Յունիս 2016-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիէն ներս կիրակնօրեայ պաշտամունքին առընթեր, խանդաղատանքով եւ ուրախութեամբ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութիւնը, իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն պաշտամունքին:

Պաշտամունքին ներկայ էին՝ Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան, հոգեւոր հովիւներ, Հայ Աւետ. Համայնքի Կրթական Խորհուրդի անդամներ, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի Տնօրէնութիւն եւ ուսուցչակազմ, Հալէպի Հայ Աւետ. Վարժարաններու Տնօրէններ, Շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն:

Շրջանաւարտներէն ներկայացուցիչներ փոխանցեցին ուղերձներ՝ Թ. կարգէն Ճորճ Խաչատուրեան՝ հայերէնով, Ռիմ Մարթա՝ արաբերէնով, իսկ ԺԲ. կարգէն Ալին Կէվողլանեան՝ հայերէն, Նուր Մուսա Օղլի՝ արաբերէն: Անոնք իրենց անկեղծ բառերով շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ, իրենց ծնողներուն, դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, յատկապէս յիշելով Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը՝ իր հայրական հոգածութեամբ ու հովանաւորութեամբ: Անոնց խօսքերը վկայութիւններ էին սերունդի ամուր կամքին եւ ապագայի հանդէպ ունեցած մեծ յոյսին ու հաւատքին:

Ուղերձներէն ետք ԺԲ. կարգէն Արմանի Հերա Սելիմեան, շրջանաւարտ աշակերտներու երախտագիութիւնը արտայայտեց, սրտառուչ ձեւով մեկնաբանելով «Սէրն Աստուծոյ» եւ «Հիանալի Շնորհք» երգերը:

Ապա հոգեւոր հովիւ Հայր Իլիաս Ֆարահ աշակերտներուն մաղթեց բարի ճանապարհ Աստուծոյ օրհնութեամբ, շեշտելով գիտութեան կարեւորութիւնը, ապա շնորհաւորեց զանոնք:

Հայր Ֆարահի խօսքէն ետք Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, հարստացուց պաշտամունքը շնորհաւորանքի արտայայտութեամբ, ուր ան թելադրեց շրջանաւարտները՝ քայլ պահելու աշխարհի զարգացման ու յառաջխաղացքին հետ, զանոնք նուիրելով Աստուծոյ նախախնամութեան, որ կարենան կերտել իրենց փայլուն ապագան՝ դառնալով Հայրենիքի նուիրեալ, ծառայասէր եւ հայրենասէր զաւակներ: Ան առ Աստուած աղօթք բարձրացուց Սուրիոյ հայրենիքին ու ժողովուրդին ապահովութեան համար եւ ուժ խնդրեց դիմագրաւելու գալիք խոչընդոտները:

Պաշտամունքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթք «Հայր Մեր»ի երգեցողութեամբ եւ Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանի առաքելական օրհնութեան աղօթքով:

Պաշտամունքէն ետք 9-րդ եւ 12-րդ Կարգերու աշակերտները ընդունեցին շնորհաւորութիւններ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին