Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան այցը լուսաբանելու համար՝ հաւատարմագրուած են շուրջ 600 լրագրողներ: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»ի էջէն:
Յիշեցնենք, որ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստանի Հանրապետութիւն այցը պիտի մեկնարկէ Յունիս 24-ին: Եռօրեայ այցի ծիրէն ներս Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, Պապը պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ուր Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Բարի գալուստի` «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն: Նոյն օրը երեկոյեան սրբազան քահանայապետը՝ ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Այցի առաջին օրը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կայանալիք Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Գարեգին 2-րդ ամենայն հայոց կաթողիկոսի հանդիպմամբ: Նոյն օրը երեկոյեան մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ընդհանրական արարողութիւն եւ Խաղաղութեան աղօթք: Տէր Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանի խօսքով` այս Հռոմի Պապի Հայաստան այցի ծիրէն ներս, հաւանաբար ամենահանդիսաւոր ու մարդաշատ միջոցառումն է:
Յունիս 26-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Պապը հանդիպում պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ, պիտի մասնակցի Ս. Պատարագի արարողութեան ու ընդհանուր ճաշկերոյթին` Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Հայաստանեայց առաքելական, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու անդամներու եւ պապական պատուիրակութեան հետ:
Նոյն օրը կը նախատեսուի համատեղ յայտարարութեան ստորագրում: Յայտարարութեան բնագիրը նախապէս պիտի տրամադրուի լրատուամիջոցներուն: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցանեն Խոր վիրապի վանքին մէջ, որմէ ետք Հռոմի սրբազան քահանայապետը Երեւանէն պիտի մեկնի Հռոմ: