Ֆինանսական միջոցներէ զրկուած, անելանելի վիճակի մէջ գտնուող մօտ 550 հալէպահայեր կը սպասեն իրենց հերթին` վայրկեան առաջ հեռանալու ռմբակոծուող Հալէպէն: «Հալէպ հայրենակցական բարեսիրական» կազմակերպութեան անդամները դրամահաւաք նախաձեռնած են, ամէն օր կը սպասեն բարերարներու նուիրատուութիւններուն, որպէսզի կարենան հայրենակիցները ապահով կերպով Երեւան տեղափոխել:
Հալէպի մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները նախ կը հատեն Սուրիոյ սահմանը, կը հասնին Լիբանան, այնտեղէն ալ Երեւան: Հայաստան հասնելու համար մէկ մարդու ճանապարհածախսը կը կազմէ մօտ 500 տոլար:
Կազմակերպութեան համահիմնադիր Անի Բալխեան Panorama.am-ին ըսած է, որ հերթագրուած մարդոց մեծ մասը երախաներ են, պատանիներ, այրիացած կանայք: Վերջին օրերուն Հալէպի մէջ սաստկացած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին կազմակերպութեան միջոցներով 25 հալէպահայեր տեղափոխուած են Հայաստան: Հալէպէն մեծ հոսք սկսած է նաեւ Սուրիոյ ծովափնեայ բնակավայրեր, որոնք այս պահուն աւելի անվտանգ ու ապահով են:
«Մենք կը սպասնք բարերարներու նուիրատուութիւններուն: Հիմա բարերարներ գտնելը շատ դժուար է: Մինչեւ հիմա սուրիահայերուն աջակցութեան ձեռք մեկնած են ոչ միայն հայեր, այլեւ տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ», ըսած է կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:
Հերթագրուածներուն առաջին խումբը յառաջիկայ օրերուն Հայաստան պիտի հասնի: Սուրիոյ մէջ պատերազմը սկսելէ ի վեր՝ 220 հոգիներ կազմակերպութեան օգնութեամբ Երեւան եկած են:
Կազմակերպութեան անդամները կը շեշտեն, որ այս օգնութիւնը չ՛ենթադրեր համայնքի պարպում, քանի որ տեղի չ՛ունենար զանգուածային տեղափոխում: Այս կոչը կը վերաբերի միայն այն հալէպահայերուն, որոնք նիւթական պատճառներով չեն կրնար Լիբանանէն տեղափոխուիլ Հայաստան:
Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու ռմբակոծումը խստօրէն դատապարտած էր ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը: Շրջափակման մէջ գտնուող քաղաքին մէջ գործող միութիւնները կոչով դիմած են աշխարհի եւ միջազգային հանրութեան` խնդրելով օգնել յուղարկաւորելու զոհերը: