Համշէնահայ ռոք երգիչ Եաշար Քուրթ, որ իր հայ ըլլալը գիտցած էր 40 տարեկանին, հրապարակած է նոր ձայնասկաւառակ մը՝ «Համշէնի Եայլաներ» վերնագիրով: Այդ մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը:
Եաշար Քուրթ իրեն հետ հարցազրոյց կատարած «Ակօս»ի լրագրողներէն Վարդան Էսթուքեանին յայտնած է, թէ 5 տարուան ընդմիջումէ ետք հրապարակուած «Համշէնի Եայլաներ» ձայնասկաւառակին երգերուն մէջ, կ՛արտացոլան իր արմատներուն հետքերը եւ սեւծովեան շրջանի մեղեդիները:
Յատկապէս վերջին շրջանին համշէնեան մշակոյթի եւ հայոց լեզուի՝ Համշէնի բարբառի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կը նկատուի: Ինչպէս նշած է Եաշար Քուրթ, թէեւ ինք փոքր հասակէն յաճախ այցելած է իր ծննդավայր Ռիզէ, սակայն համշէնաեան մշակոյթին հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը վերջին տարիներուն աւելցած է:
Համշէնահայ երգիչը հարցազրոյցի ընթացքին ափսոսանք յայտնած է այն մասին, որ նոր ձայնասկաւառակին մէջ համշէներէնով ոչ մէկ երգ կայ, քանի որ ինք ծագումով ըլլալով Ռիզէէն եւ համեմատաբար երիտասարդ, չի տիրապետեր հայոց լեզուին՝ Համշէնի բարբառին:
Եաշար Քուրթ այս գիծով ըսած է. «Ափսոս, որ երիտասարդ սերունդը այլեւս չի տիրապետեր համշէներէնին: Գիտցողներն ալ այդ լեզուն շատ հազուադէպ կը գործածեն: Համշէներէնի կը դիմեն միայն վրդոված կամ կատակ ընելու ատեն: Չեմ կրնար ըսել, թէ երբեք չեմ լսած իմ մայրենիս, սակայն իմ լսած երգերու մեծ մասը թրքերէն եղած են: Վերջերս համշէներէն երգեր ներկայացնող «Վովա» խումբի եւ Այշենուր Քոլիվարի հետ միասին մտածեցինք, որ լաւ գաղափար պիտի ըլլայ համշէներէն համատեղ երգեր ներկայացնելը: Ո՞վ գիտէ, մի գուցէ ապագային հայերէն կամ համշէներէն ձայնասկաւառակ կը հրապարակեմ»։