2016-ի Յունիս 2-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի ընդունումէն ետք, առաջին հայցը ներկայացուած է այդ երկրի Սահմանադրական դատարան, որով կը պահանջուի չեղեալ համարել կայացուած որոշումը:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը չեղարկելու դիմումը ներկայացուցած է թուրք իրաւաբան Մելիհ Աքքուրթը: Իր այդ քայլը թուրք իրաւաբանը բացատրած է այն հանգամանքով, որ ՄԱԿ-ի ընդունած ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ պատժման համաձայնագիրի 6-րդ յօդուածը կը սահմանէ, որ ցեղասպանութիւններու թեմայով որեւէ որոշում կայացնելու իրաւասութիւն կրնան ունենալ միայն դատարանները, գերմանական Deutsche Welle պարբերականի թրքական ծառայութեան յղումով կը գրէ Aravot.am-ը:
Այս ամէնուն զուգահեռ դեռ պարզ չէ, կ’ընդունուի՞ արդեօք Աքքուրթի հայցը Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարան, թէ ոչ: Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին որոշումը կայացուցած է Գերմանիոյ խորհրդարանը, անիկա չունի որեւէ անձ կամ կառոյց դատապարտելու մասին պահանջք: Բացի այդ Գերմանիան չունի նախադէպ, երբ Պունտեսթակի ընդունած որոշումը ներկայացուած է Սահմանադրական դատարան:
Յունիս 2-ին Գերմանական խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ կողմ քուէարկեց հայերու եւ այլ քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: Բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի՝ «101 տարի առաջ հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը պէտք է յիշատակել»: Կը նշուի, որ խորհրդարանը կը դատապարտէ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերուն գրեթէ ամբողջութեամբ ոչնչացնելու գործողութիւնները: Գերմանիան բանաձեւով կ՛ընդունի նաեւ պատմական իր պատասխանատուութիւնը այդ ողբերգութեան համար: