Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Ապրիլեան Իրադարձութիւններէն Ետք Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Չէ Նուազած

Զբօսաշրջիկները Երեւանի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ Ապրիլեան իրադարձութիւններէն ետք չեն նուազած եւ մտավախութիւն ալ չկայ, որ կը նուազի: Այդ մասին յայտարարած է Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեան, կը յայտնէ Tert.am-ը: «Ներկայիս ալ փողոցի մէջ եթէ քալենք կը նկատենք, որ այցելուները շատ են», ըսած է ան:

Ռուբէն Յովհաննիսեան նշած է, որ աւանդաբար Յուլիս-Օգոստոս ամիսը կը հանդիսանայ զբօսաշրջային թէժ շրջան, եւ այդ առումով կան սպասումներ: Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ի՞նչ խնդիրներ կը բարձրացնեն զբօսաշրջիկները այսօր` վարչութեան պետը ըսած է, որ ահազանգեր չեն ստացած: «Մեր զբօսաշրջութեան բաժինը շատ աշխոյժ ձեւով կը համագործակցի շրջապտոյտներ կազմակերպողներու, Երեւանի մէջ գործող հիւրանոցներու հետ եւ որեւէ տեղեկատուութիւն` կապուած Երեւան քաղաքի մէջ կատարուելիք միջոցառումներու հետ, որ խթան կը հանդիսանայ զբօսաշրջութեան զարգացման գործընթացին, հասանելի է: Մեր զբօսաշրջութեան բաժինը յստակ աշխատանք կը կազմակերպէ եւ ոչ մէկ այդպիսի խնդիր չկայ», շեշտած է ան:

Ռուբէն Յովհաննիսեան նաեւ նշած է, որ բազմակի հանդիպումներ եղած են շրջապտոյտներ կազմակերպողներու եւ հիւրանոցները կարգաւորող համապատասխան պատասխանատուներու հետ, եւ անոնց բարձրացուցած հարցերը հիմնականօրէն ձեռնարկներու եւ տեղեկատուութեան հետ կապուած եղած են, որ նախապէս տրուի ծրագիրը:

Երեւանը ընդգրկուած է ռուս զբօսաշրջիկներու համար 2016-ի ամենամատչելի զբօսաշրջային ուղղութիւններու տասնեակին մէջ: Ըստ Oktogo.ru-ի, միջինը Երեւանի մէջ ռուս զբօսաշրջիկը կը մնայ 3,5 օր:

Մարտին ՀՀ տնետեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան յայտարարած էր, որ դէպի Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջիկներու հոսքերուն մէջ ըստ աշխարհագրութեան որոշ փոփոխութիւններ եղած են: Մասնաւորաբար պակսած է ռուսաստանցի, վրացի, իտալացի ու ֆրանսացի զբօսաշրջիկներուն թիւը, աւելցած Իրանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Աւստրալիայէն եւ Իրաքէն եկածներուն թիւը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին