Երէկ՝ Երկուշաբթի 6 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թէքէեան կեդրոն այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ընկերակցութեամբ ՀՀ դեսպանատան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի:
Յարգելի հիւրերը դիմաւորուեցան ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանի եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանի ու ՌԱԿ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկեր Սեւակ Յակոբեանի կողմէ:
Հաճելի եւ մտերմիկ փոխադարձ ծանօթացման հանդիպումին ներկայ եղան՝ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնն ու ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինը ներկայացնող ընկերուհիներ եւ ընկերներ: Հաճելի զուգադիպութեամբ մը հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ՝ ԹՄՄ-ի հրաւէրով Ֆրէզնոյէն հիւրաբար Պէյրութ գտնուող Դոկտ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը, որ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ընտանիքին անդամը կը համարուի՝ ըլլալով թոռը Արմենական ազատամարտիկ Անուշաւան Տէր Մկրտիչեանին:
Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար արծարծելու Հայրենիքն ու լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Ընկերներ Գասարճեան եւ Վայէճեան Պարոն դեսպանին վերահաստատեցին՝ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին անվերապահ նեցուկն ու գործակցութիւնը Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան հետ: Հայրենի պարոն դեսպանը իր կարգին լրացուցիչ պատասխաններով գոհացուց հարցադրում ունեցող ներկաները: Հարցումներուն առանցքը կազմեցին Հռոմի Պապի մօտալուտ ուխտագնացութիւնը Հայաստան, հայրենի տնտեսութիւնը, ապահովութիւնն ու Արցախի հիմնախնդիրը: Յարգելի պարոն դեսպանը ներկաներուն յիշեցուց 2016 թուականի յատկանշանակութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի Հայրենիքի եւ Արցախի անկախութեան 25-ամեակներուն եւ տարուան ընթացքին զանոնք պատուաբեր կերպով տօնակատարելու անհրաժեշտութիւնը: